Աժան Օդանաւային Տոմսեր «Արմենիա»-էն. Պէյրութ-Երեւան Տոմսը` Մօտ 150 Եւրօ - Հայերէն
02 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Հրանդ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

29 Ekim 2017  

Աժան Օդանաւային Տոմսեր «Արմենիա»-էն. Պէյրութ-Երեւան Տոմսը` Մօտ 150 Եւրօ -

Աժան Օդանաւային Տոմսեր «Արմենիա»-էն. Պէյրութ-Երեւան Տոմսը` Մօտ 150 Եւրօ Աժան Օդանաւային Տոմսեր «Արմենիա»-էն. Պէյրութ-Երեւան Տոմսը` Մօտ 150 Եւրօ

«Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը, Ամանորին ընդառաջ, մշակած է նոր սակագնային քաղաքականութիւն: Ընկերութեան դէպի Հայաստան բոլոր կանոնաւոր չուերթերու տոմսերը պիտի ըլլան մատչելի, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:

Մասնաւորապէս` Թել Աւիւէն Երեւան Դեկտեմբեր 31-ին, իսկ վերադարձի տոմսը Յունուար 4-ին կամ 7-ին գնելու պարագային «Արմենիա»-ի ուղեւորները կը վճարեն ընդամէնը 148 եւրոյին համարժէք դրամ: Նշենք, որ տուեալ ուղղութեան համար առաջարկուող այս գինը ամենացածն է այս ուղղութեան համար:

Ամանորի եւս մէկ նորամուծութիւնը Պէյրութ-Երեւան եւ հակառակ ուղղութեան համար հաստատուած նոր սակերն են: Յատկանշական է, որ դեռ քանի մը տարի առաջ այս ուղղութեամբ տոմսերու գիները ամառուան եւ Ամանորի եղանակին շատ բարձր էին` հասնելով մինչեւ 500 եւրոյին համարժէք դրամի: Դեկտեմբեր 18-էն Պէյրութէն Երեւան չուերթերու տոմսերը հասանելի պիտի ըլլան 140 եւրոյին համարժէք դրամով, իսկ Երեւանէն Պէյրութ տոմսերը` սկսած 148 եւրոյով:

«Այս կերպով մենք կը փորձենք մեր ներդրումը ունենալ զբօսաշրջութեան զարգացման գործին: Կը ցանկանք, որ նշուած երկիրներէն մեր ազգակիցներն ու զբօսաշրջիկները ժամանեն Հայաստան եւ դիմաւորեն Նոր Տարին այստեղ», – նշած է ընկերութեան փոխտնօրէն Գէորգ Խաչատրեան:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+