​Միացեալ Նահանգներու Ամենաբարձր Շինութիւնը Պիտի Կառուցուի Հայ Գործարարին Պատկանող Ընկերութեան Կողմէ - Հայերէն
02 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Սահմի / Օր : Հրանդ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

26 Ekim 2017  

​Միացեալ Նահանգներու Ամենաբարձր Շինութիւնը Պիտի Կառուցուի Հայ Գործարարին Պատկանող Ընկերութեան Կողմէ -

​Միացեալ Նահանգներու Ամենաբարձր Շինութիւնը Պիտի Կառուցուի Հայ Գործարարին Պատկանող Ընկերութեան Կողմէ ​Միացեալ Նահանգներու Ամենաբարձր Շինութիւնը Պիտի Կառուցուի Հայ Գործարարին Պատկանող Ընկերութեան Կողմէ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձր երկնաքերը պիտի կառուցուի ազգութեամբ հայ գործարարին պատկանող ընկերութեան կողմէ,:

Նիւ Եորքի քաղաքային կառուցապատման վարչութիւնը հաւանութիւն տուած է, որ քաղաքին մէջ կառուցուի Մոսկովեան Meganom ընկերութեան 262 Fifth Avenue երկնաքերը, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը ՝ վկայակոչելով Dezeen-ը:

Ռուսական ճարտարապետական ընկերութեան կողմէ կառուցուող ԱՄՆ-ի ամենաբարձր շինութիւնը պիտի ունենայ «երկնային դարակներ»ու տեսք:

Երկնաքերը պիտի ունենայ 307.5 մեթր բարձրութիւն եւ ամենավերը պիտի ունենայ դիտասրահ: «Մենք չէինք ցանկար, որ անիկա շատ բաձր ըլլայ, բայց միաժամանակ նպատակ ունէինք, որ տեսանելի ըլլայ բոլոր կողմերէն եւ գեղեցիկ տեսարաններ բացուին բնակարաններէն: Մենք որոշեցինք, որ անիկա պէտք չէ ըլլայ աւելի բարձր, քան Էմփայր Սթէյթ Պիլտինգի դիտասրահը եւ այդ նպատակով շատ ուշադիր պիտի ըլլանք, որպէսզի այս կառոյցը չփակէ այնտեղէն բացուող տեսարանը»,- կը նշէ ընկերութեան հիմնադիր Եուրի Գրիգորեան:

Բնակարանները կը նմանին դարակներու, քանի որ չկան առանձին սենեակներ, այլ կ՛առաջարկուի ընդհանուր տարածք, որ բնակչները իրենք որոշեն ինչպէս օգտագործել:

Meganom-ի այս առաջարկը Նիւ Եորքի համար պիտի ըլլայ «իւրայաատուկ» կառոյց, քանի որ կառուցման համար ընտրուած նիւթերը հնարաւորութիւթիւն պիտի տան ունենալու կայուն զով ջերմաստիճան տաք ամառներու եւ ցուրտ ձմեռներու ընթացքին:

Թէեւ սա Meganom-ի առաջին նախագիծն է ԱՄՆ-ի մէջ, սակայն ընկերութիւնը ներգրաւուած է շարք մը ռուսական շէնքերու կառուցապատման գործին մէջ:







Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+