Միացեալ Նահանգներու Ամենաբարձր Շինութիւնը Պիտի Կառուցուի Հայ Գործարարին Պատկանող Ընկերութեան Կողմէ -
Միացեալ Նահանգներու Ամենաբարձր Շինութիւնը Պիտի Կառուցուի Հայ Գործարարին Պատկանող Ընկերութեան Կողմէ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձր երկնաքերը պիտի կառուցուի ազգութեամբ հայ գործարարին պատկանող ընկերութեան կողմէ,:
Նիւ Եորքի քաղաքային կառուցապատման վարչութիւնը հաւանութիւն տուած է, որ քաղաքին մէջ կառուցուի Մոսկովեան Meganom ընկերութեան 262 Fifth Avenue երկնաքերը, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը ՝ վկայակոչելով Dezeen-ը:
Ռուսական ճարտարապետական ընկերութեան կողմէ կառուցուող ԱՄՆ-ի ամենաբարձր շինութիւնը պիտի ունենայ «երկնային դարակներ»ու տեսք:
Երկնաքերը պիտի ունենայ 307.5 մեթր բարձրութիւն եւ ամենավերը պիտի ունենայ դիտասրահ: «Մենք չէինք ցանկար, որ անիկա շատ բաձր ըլլայ, բայց միաժամանակ նպատակ ունէինք, որ տեսանելի ըլլայ բոլոր կողմերէն եւ գեղեցիկ տեսարաններ բացուին բնակարաններէն: Մենք որոշեցինք, որ անիկա պէտք չէ ըլլայ աւելի բարձր, քան Էմփայր Սթէյթ Պիլտինգի դիտասրահը եւ այդ նպատակով շատ ուշադիր պիտի ըլլանք, որպէսզի այս կառոյցը չփակէ այնտեղէն բացուող տեսարանը»,- կը նշէ ընկերութեան հիմնադիր Եուրի Գրիգորեան:
Բնակարանները կը նմանին դարակներու, քանի որ չկան առանձին սենեակներ, այլ կ՛առաջարկուի ընդհանուր տարածք, որ բնակչները իրենք որոշեն ինչպէս օգտագործել:
Meganom-ի այս առաջարկը Նիւ Եորքի համար պիտի ըլլայ «իւրայաատուկ» կառոյց, քանի որ կառուցման համար ընտրուած նիւթերը հնարաւորութիւթիւն պիտի տան ունենալու կայուն զով ջերմաստիճան տաք ամառներու եւ ցուրտ ձմեռներու ընթացքին:
Թէեւ սա Meganom-ի առաջին նախագիծն է ԱՄՆ-ի մէջ, սակայն ընկերութիւնը ներգրաւուած է շարք մը ռուսական շէնքերու կառուցապատման գործին մէջ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com