Հերթափոխութեան Փուլ - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

24 Ekim 2017  

Հերթափոխութեան Փուլ -

Հերթափոխութեան Փուլ Հերթափոխութեան Փուլ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու աշխարհական ղեկավարները երէկ ունեցան հանդիպում մը՝ մասնակցութեամբ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թորոս Ալճանի գրասենեակին մէջ, որ կը գտնուի KEY Plaza-էն ներս։ Մեր համայնքին կողմէ մասնակցեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ատենադպիր Յարութիւն Շանլը։ Բաց աստի, հանդիպման ներկայ գտնուեցան Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Թուրքիոյ հրեայ համայնքի նախագահ Իսհակ Իպրահիմզատեհ, փոխ-նախագահ Մորիս Լեւի, յոյն համայնքէն՝ «Ռումվատէր»ի փոխ-նախագահ Եորկօ Փափալիարիս, ասորի համայնքէն՝ Պէյօղլուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի նախագահ Սաիտ Սուսին, Քաղդէացի կաթոլիկներու եկեղեցւոյ մատակարար մարմնի նախագահ Թէոման Էօնտէր, պուլկար համայնքի Էկզարքութեան վաքֆի նախագահ Վասիլ Լիածէ, Վրացի կաթոլիկներու եկեղեցւոյ վարչութեան նախագահ Փոլ Զազածէ։

Ըստ Թորոս Ալճանի գրասենեակին կողմէ թողարկուած մամլոյ հաղորդագրութեան, ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու աշխարհական վարիչները խորհրդակցութիւն մը ունեցան յառաջիկայ նոր շրջանին ընդառաջ։ Արդարեւ, ներկայ տարեվերջին Թորոս Ալճանի պաշտօնավարութեան շրջանը պիտի հասնի իր աւարտին՝ որպէս Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ։ Հետեւաբար, փոքրամասնական վաքըֆները կը պատրաստուին ընտրելու նոր ներկայացուցիչ մը։ Ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները որդեգրած են սկզբունք մը, ըստ որու այդ պաշտօնը հերթով պիտի ստանձնեն համայնքները։ Հետեւաբար, յառաջիկայ շրջանին հրեայ համայնքին կողմէ յառաջ պիտի տարուի այդ գործը։

Ըստ նոյն հաղորդագրութեան, երէկուան խորհրդակցութեան ի շարունակութիւն յառաջիկայ օրերուն փոքրամասնութիւններու վաքըֆներուն կողմէ պիտի հրապարակուի նոր ներկայացուցիչի թեկնածուին անունը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2017







Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+