​Նախագահը Ընդունած Է Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ Լեւոն Արք. Զեքիեանը - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

24 Ekim 2017  

​Նախագահը Ընդունած Է Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ Լեւոն Արք. Զեքիեանը -

​Նախագահը Ընդունած Է Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ Լեւոն Արք. Զեքիեանը ​Նախագահը Ընդունած Է Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական Պատուիրակ Լեւոն Արք. Զեքիեանը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 23 հոկտեմբերին ընդունած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Լեւոն արք. Զեքիեանը, որ Երեւան եկած էր Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ. 20-24 հոկտեմբերին մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենան ձեռնարկներ յիշարժան այդ յոբելեանին առիթով:

Ողջունելով հիւրը եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները` հանրապետութեան նախագահը հանդիպումին առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորած է Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակը` ընդգծելով այն անփոխարինելի եւ հսկայական դերակատարութիւնը, որ հիմնադրուելէն ի վեր ունեցած է Մխիթարեան միաբանութիւնը` աշխարհին յայտնի դառնալով իբրեւ հոգեւոր, ուսումնակրթական, գրական, գիտական եւ մշակութային կեդրոն:

Նախագահին համաձայն, երեք դար առաջ հայ միտքի հոգեւոր հսկայ Մխիթար Սեբաստացիի հիմնած հաստատութիւնը Ս. Ղազար կղզիին մէջ գործունէութեան սկսելու պահէն ի վեր բացառիկ մեծ աւանդ ներդրած է հայապահպանութեան գործին մէջ, որուն վկայութիւններէն են միաբանութեան վանական համալիրին մէջ պահուող` հայ մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող բազմաթիւ ձեռագիրներն ու մատեանները, որոնք նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան նմուշներ են:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Իտալիա եւ Աւստրիա իր այցելութիւններուն ընթացքին կ՛աշխատի առիթը չկորսնցնել եւ մեծագոյն հաճոյքով կ՛այցելէ Վենետիկի եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան հաստատութիւնները:

Նախագահը անհրաժեշտութիւն նկատած է միաբանութեան արդիւնաւէտ գործունէութեան շարունակականութիւնը եւ ընդգծեց, որ որեւէ դժուարութիւն կարելի է լուծել միայն Հայաստան-սփիւռք սերտ համագործակցութեամբ, որուն պատրաստակամութիւնը երկուստեք կայ:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է Լեւոն արք. Զեքիեանի բեղուն գործունէութիւնը` ուղղուած հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնը աշխարհին ճանաչելի դարձնելուն, հայապահպանութեան ու սերունդներու կրթութեան:

Լեւոն արք. Զեքիեան շնորհակալութիւն յայտնած է հանրապետութեան նախագահին ջերմ եւ քաջալերող խօսքերուն համար` ընդգծելով, որ միշտ հայրենիքի ամուր թիկունքը զգալը շատ կարեւոր է: Ան ջերմութեամբ յիշած է նախագահին այցելութիւնները միաբանութեան հաստատութիւններ եւ յոյս յայտնած, որ նման առիթներ յառաջիկային եւս կ՛ըլլան: «Միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տուած միաբանութիւնը իր անդամներուն եւ նաեւ բարեկամներուն հետ ձեր` մեծարգո՛յ նախագահի եւ վեհափառ տիրոջ բարձր հովանիին ներքեւ պէտք է ջանայ 300-ամեակի յոբելենական տարին պատշաճ իրականացնել», նշած է Զէքիեան:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքին վերաբերող հարցեր:

Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներու Բացման Արարողութիւն

Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու բացման արարողութիւնը:

Ձեռնարկները տեղի կ՛ունենան 23-էն 25 հոկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, Երեւանի պետական համալսարանի, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ` Հայաստանի մէջ իրականացուող Ս. Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ըսաւ. «Բացառիկ է միաբանութեան դերը հայապահպանութեան գործին մէջ: Գիտական ընդհանուր եւ ճիւղային բառարանները, թարգմանական, կրօնական, պատմական, լեզուաբանական, բնագիտական, տնտեսագիտական աշխատութիւնները համաշխարհային հասարակագիտական բացառիկ նմուշներ են: Ուրախ եմ, որ այսօր Մատենադարանի ցուցասրահին մէջ հայ հասարակութիւնը կարելիութիւնը կ՛ունենայ ծանօթանալու այդ նմուշներէն քանի մը հատին», աւելցուց նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լեւոն արք. Զեքիեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, յատկապէս` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները հայրենիքի մէջ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+