​Մարգար Եսայեան Մեծ Յաջողութիւն Կը Համարէ, Որ Ծնած է Թուրքիոյ Մէջ. Քրիստոնեաները Կ՛արձագանգեն Անոր - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

23 Ekim 2017  

​Մարգար Եսայեան Մեծ Յաջողութիւն Կը Համարէ, Որ Ծնած է Թուրքիոյ Մէջ. Քրիստոնեաները Կ՛արձագանգեն Անոր -

​Մարգար Եսայեան Մեծ Յաջողութիւն Կը Համարէ, Որ Ծնած է Թուրքիոյ Մէջ. Քրիստոնեաները Կ՛արձագանգեն Անոր ​Մարգար Եսայեան Մեծ Յաջողութիւն Կը Համարէ, Որ Ծնած է Թուրքիոյ Մէջ. Քրիստոնեաները Կ՛արձագանգեն Անոր

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում (AKP) կուսակցութեան հայ պատագամաւոր Մարգար Եսայանի թութիըրի իր էջին մէջ տեղադրած գրութիւնը զայրացուցած է Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերն ու այլ քրիստոնեաները:

«Կը պնդեմ, որպէս քրիստոնեայ, որ մեր հաւատքով ու ինքնութեամբ ամենաազատը կ՛ապրինք Թուրքիոյ մէջ: Մեծ յաջողութիւն է, որ ծնած ենք Թուրքիոյ մէջ»,–«Նիուզ»-ի հաղորդմամբ՝ գրած է Եսայեան Twıtter-ի մէջ:

Այս գրութեան տակ խիստ արձագանգած են Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ եւ այլ քրիստոնեայ օգտատէրեր:

Մասնաւորապէս, ասորական «Սապռօ» թերթի պատասխանատուն Մարգար Եսայեանի գրառման տակ աւելցուցած է. «Ատոր համար ալ յունական հոգեւոր դպրոցը փակ կը պահեն, ասորիներէ բռնազաւթուած ունեցուածքը` կը յանձնեն իսլամներուն, ատոր համար Թուրքիոյ մէջ հայ անունը հայհոյանք է…»:

Հայ օգտատէրերէն Րաֆֆին ալ աւելացուցած է. «Մարգար, ասոր փոխարէն աւելի լաւ է` գնայ, խմորեղէն վաճառէ, գոնէ պատիւով փող կը վաստակես»:

Իսկ թուրք օգտատէրերէն մէկն ալ գրած է. «Քանի՞ լիրայով գրած են այս խօսքերը: Ոչ քու շէֆ Էրտողանը կապ ունի իսլամի հետ, ոչ ալ դու կապ ունիս քրիստոնէութեան ու Աստուածաշունչի հետ»:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+