Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Պէյքոզի Թաղային Խորհուրդը Զգուշացուցած Է՝ Որպէսզի Հատուցման Գումա - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

12 Ekim 2017  

Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Պէյքոզի Թաղային Խորհուրդը Զգուշացուցած Է՝ Որպէսզի Հատուցման Գումա -

Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Պէյքոզի Թաղային Խորհուրդը Զգուշացուցած Է՝ Որպէսզի Հատուցման Գումա Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Պէյքոզի Թաղային Խորհուրդը Զգուշացուցած Է՝ Որպէսզի Հատուցման Գումարներով Կալուած Մը Գնուի

Պետրոս Շիրինօղլուի հետ մեր ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին իր կարծիքը շօշափեցինք նաեւ Պէյքոզի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Պատրիարքարանի մէջ անցեալ շաբաթ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հարցումի մը պատասխանելով անդրադարձ կատարած էր այս խնդրին։ Որպէս «Յովակիմ 1461» հիմնարկի վարչութեան ատենապետ՝ ան ըրաւ կարգ մը խորհրդածութիւններ եւ ընթացքին տեղեկացուց, թէ պաշտօնական քննիչներ հակակշռի տակ առած են Պէյքոզի թաղային խորհուրդի հաշիւները եւ ըրած են կարգ մը զգուշացումներ։ Պետրոս Շիրինօղլուի խօսքերով՝ ինք առաջին իսկ օրէն ահազանգ կը հնչեցնէ Պէյքոզին հասած գումարներուն վերաբերեալ։ Վերջին շրջաններուն այդ գումարներու տոկոսը կ՚օգտագործուի մեր վարժարաններու տարեկան պիւտճէներու հաւասարակշռման համար։ «Օրինական տեսակէտէ սա կրնայ ըլլալ խնդրայարոյց։ Ես նոյնիսկ կը մտահոգուիմ, որ պատկան իշխանութիւնները կրնան գործադրել պատժամիջոցներ կամ սառեցնել գումարը», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՂԱՔԵԱՆ
Այս բոլոր տուեալներուն լոյսին տակ այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցանք Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի հետ։ Զրոյցի ընթացքին ատենապետը տեղեկացուց, որ Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնութեան կողմէ ամիսէ մը ի վեր քննութեան կ՚ենթարկուին Պէյքոզի թաղային խորհուրդի հաշիւները։ Իր խօսքերով՝ ճիշդ է, որ կայ քննութիւն մը, սակայն այդ քննութիւնները ընթացիկ բնոյթ ունին։

«Անցեալ Չորեքշաբթի հրաւիրուեցանք Վաքըֆներու շրջանային տնօրէնութեան։ Պատկան պաշտօնեաներուն հետ մեր տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ այս խնդիրը։ Անոնք մեզի տուին կարգ մը խորհուրդներ։ Արդարեւ, կալուածի մը ապասեփականացման հետեւանքով պետութեան կողմէ մեզի հասած են հատուցման գումարներ։ Հետեւաբար, պաշտօնեաները յիշեցուցին, որ այդ գումարներով մենք պարտինք նոր կալուած մը կամ կալուածներ գնել՝ մեր վաքըֆը կորուստներէ զերծ պահելու համար։ Մենք ալ իրենց բացատրեցինք, որ մեր մայր գումարէն չէ, որ յատկացումներ կը կատարենք համայնքային դպրոցներուն, այլ տոկոսի մէկ մասը կը բաժնենք։ Աւելի՛ն, տոկոսներուն բոլորն ալ չենք բաժներ։ Ի պահ կը դնենք այն մասը, որ մեր մայր գումարի ժամանակի ընթացքին հալիլը կը կանխէ։ Եւ մնացեալը կը բաժնենք դպրոցներուն։ Այս բոլորը բացատրեցինք։ Միեւնոյն ժամանակ պաշտօնեաներուն յայտնեցինք, որ թաղային խորհուրդը կը պատրաստուի մօտաւոր ապագային կալուած մը գնելու եւ համապատասխան տուեալներն ու կոչերը տեղ պիտի գտնեն նաեւ մեր մամուլին մէջ։

«Ես ընդհանուր առմամբ կ՚ուզեմ հետեւեալը ըսել. որպէս համայնք պէտք է մեր հայեացքը ուղղենք բաժակի լեցուն բաժնին վրայ, այլապէս չենք կրնար մթնոլորտ մը ստեղծել՝ ձեռք ձեռքի տալով բաժակի դատարկ մասն ալ լեցնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Վարուժան Մաղաքեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2017





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+