Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպման Բովանդակութիւնը Ակնյայտօրէն Պաքուին Ձեռնտու Չէ. Շաւարշ Քոչարեան -
Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպման Բովանդակութիւնը Ակնյայտօրէն Պաքուին Ձեռնտու Չէ. Շաւարշ Քոչարեան
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման ժամկէտներուն մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ, եթէ ըլլայ պիտի յայտարարուի: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի՝ կառավարութեան Հոկտեմբեր 12-ի նիստէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանը:
«Ակնյայտօրէն այդ հանդիպման բովանդակութիւնը Պաքուին ձեռնտու չէ: Այդ տեսակէտէն, պատահական չէ Ալիեւի սադրիչ յայտարարութիւնը, երբ կը փորձէ խեղաթիւրել բովանդակութիւնն ու այլ բան ներկայացնել: Բայց, այնուամենայնիւ, չեմ կարծեր, որ ինքը կարենայ խուսափիլ այդ հանդիպումէն»,- ըսած է Շաւարշ Քոչարեան:
Հանդիպման կազմակերպման կողմերուն պատրաստակամութեան մասին յայտարարած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները` չնշելով յստակ ժամկէտ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com