​Էրտողանէն Ետք. Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Մեկնաբանէ Մուտքի Արտօնագիրներու Թուրք-Ամ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

11 Ekim 2017  

​Էրտողանէն Ետք. Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Մեկնաբանէ Մուտքի Արտօնագիրներու Թուրք-Ամ -

​Էրտողանէն Ետք. Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Մեկնաբանէ Մուտքի Արտօնագիրներու Թուրք-Ամ ​Էրտողանէն Ետք. Անգարայի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Մեկնաբանէ Մուտքի Արտօնագիրներու Թուրք-Ամերիկեան Ճգնաժամը

Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման անժամկէտ առկախումը: Ըստ դեսպանին, մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման սահմանափակումը Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներուն դէմ չէ, այլ միայն ժամանակաւորապէս կը կասեցուի նոր մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման հոլովոյթը:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Պաս շեշտած է, թէ ատիկա ամերիկեան կողմին համար դիւրին որոշում չէ եղած:

«Ասիկա որոշում մըն է, որ մենք մեծ տխրութեամբ տուած ենք», ըսած է Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Պաս նաեւ նշած է, որ իրենք առայժմ չեն գիտեր, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած միջադէպը իր բնոյթով եզակի դէ՞պք է, թէ՞ կը սպասուին Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աշխատակից թուրք քաղաքացիներու նոր ձերբակալութիւններ:

Ան շեշտած է, թէ թրքական կողմը Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութեան ոեւէ աշխատակիցի` օրէնքէն դուրս գործողութիւններու վերաբերեալ իրենց որեւէ տեղեկութիւն չէ փոխանցած, ինչ որ պարտաւոր էր ընել:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած նոր ճգնաժամն ու Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրներու անժամկէտ առկախումը անուանած է «տխրեցնող»:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Էրտողան շեշտած է, թէ ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու այս քայլին` Թուրքիա գործած է օրէնքի ծիրին մէջ եւ ձեռնարկած պատասխան քայլի:

«Ամէն բանէ առաջ տեղի ունեցածը ինծի համար շատ տխրեցնող է: Այսինքն` այն իրողութիւնը, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը այդպիսի բան կ՛որոշէ եւ կը գործադրէ` տխրեցնող փաստ է: Երբ մեր արտաքին գործոց նախարարը ինծի յայտնեց լուրը, առաջին բանը, որ ըսի, հետեւեալն էր. «Թուրքիան օրէնքի պետութիւն է»: Մենք օրէնքով գործող պետութիւն ենք, մենք ցեղ չենք, ո՛չ ալ ցեղային պետութիւն: Այն պահուն, երբ ամերիկեան կողմը կատարած է այդպիսի յայտարարութիւն, մենք ալ համապատասխանաբար նոյն յայտարարութիւնը ուղղած ենք անոնց կողմին», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մուտքի արտօնագիրներու վերաբերեալ հարցը պէտք է շուտով լուծուի:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+