​Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Իրանի Նախագահին Հետ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

11 Ekim 2017  

​Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Իրանի Նախագահին Հետ -

​Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Իրանի Նախագահին Հետ ​Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Իրանի Նախագահին Հետ

Իրանի նախագահի նստավայրին մէջ, 10 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հանդիպումը:

Կարէն Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար եւ փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյններն ու բարեմաղթանքները: «Հայաստանը շատ կարեւոր կը նկատէ դրացի Իրանի հետ ունեցած ջերմ եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք ունին դարաւոր պատմական լուրջ հիմքեր եւ հիմնուած են փոխադարձ շահերու վրայ: Կրնամ ուրախութեամբ նշել, որ այդ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, եւ երկկողմանի համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ», ըսած է Հայաստանի վարչապետը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով, նախագահ Հասան Ռուհանին, ողջունելով Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի այցելութիւնը Իրան, յայտնած է, որ անիկա պիտի նպաստէ հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ խորացման` տարբեր բնագաւառներու մէջ: Իրանի նախագահը ընդգծած է, որ պատրաստակամ է օժանդակելու երկու երկիրներու կառավարութիւններու նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման:

Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են շարք մը մարզերու մէջ, մասնաւորապէս, ուժանիւթի բնագաւառին, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան, «Սիւնիք» եւ «Արաս» ազատ տնտեսական գօտիներու համագործակցութեան խորացումն ու ընդլայնումը, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է հայ-իրանական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը: Կողմերը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային խնդիրներուն առնչուող հարցերու: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Իրանի հաւասարակշռուած վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին գծով, որ շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման կարեւոր երաշխիքներէն է:

Իրանի նախագահը Հայաստանի նախագահին եւ հայ ժողովուրդին փոխանցած է իր ջերմ բարեմաղթանքներն ու բարձր գնահատած հայ համայնքին դերը երկրի տարբեր մարզերու զարգացման գործին մէջ:

Նշենք Նաեւ, որ Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան աւարտին` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելած է Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցի: Վարչապետը հանդիպում ունեցած է Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+