Որ քարը որ վերցնէք, տակը հայ կայ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

09 Ekim 2017  

Որ քարը որ վերցնէք, տակը հայ կայ -

Որ քարը որ վերցնէք, տակը հայ կայ Որ քարը որ վերցնէք, տակը հայ կայ

Թրքական “թէլէթէքս լուրեր” կայքէջին վրայ կը կարդանք Րապիա Մինէ ստորագրութեամբ երկարաշունչ գրութիւն մը որուն իւրաքանչիւր տողը երախտագիտութեամն ու գնահատանքի տուրք կը վճարէ հայ ժողովուրդին, ու կը պարսաւէ բոլոր այն հայատեաց արտայայտութիւնները որոնք երբեք պակաս չեն այս երկրին մէջ։

Գրութիւնը կը կրէ “Ո՛ր քարը որ վերցնէք, տակը հայ կայ” խորագիրը։ Ստորեւ «Մարմարա»ի թարգմանութեամբ ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք այս շատ հետաքրքրական գրութիւնը։

“Կարսի փողոցներուն մէջ հա՞յ որսանք”։ Այսպիսի սպառնալիք մը ըրած էր Կարսի “Իւլքիւ” օճախներու նախագահը երբ ան ջղայնացած էր նշանաւոր Ճազի դաշնակահար Տիգրան Համեստեանի կողմէ Անիի աւերակներու մէջ տրուած համերգէն։

“Բոլորդ հայ էք, բոլորդ ալ պիտի սպաննենք”։ Բարձրախօսներէն այսպէս պոռացած էին երբ Ճէզիրէի մէջ ոստիկանական կառքերու կողմէ քիւրտերու դէմ միջամտութիւններ կը կատարուէին օրեր շարունակ։

“Այստեղ հայոց գերեզմանատուն չէ”։ Ցեղապաշտ-ֆաշիսթ ցուցարարներու կողմէ այսպիսի լոզունգ մը արձակուած էր Այսէլ Թուղլուքի մօր Անգարայի մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան ընթացքին։

“Հայու լաճ։ Ահաւասիկ խօսք մը որ Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջկը գործածուի առանց բացառութեան բոլոր անոնց դէմ որոնք էթնիք տարբեր պատկանելիութիւն ունին կամ որոնց դէմ մէկը սա կամ նա պատճառով կը ջղայնանայ։ Ամէն մարդ իր կեանքին մէջ գոնէ մէկ անգամ լսած է, իսկ ես հարիւրաւոր անգամներ լսած եմ այս նախատինքը։

“Ես ալ հայ դրացիներ ունիմ, հայերէ որեւէ վնաս չտեսայ”։ Լաւագոյն խօսքը զոր կ՛արտասանենք, այս է, սակայն այս ալ կերպով մը մեզմէ տարբերկը նկատէ հայը։

Եւ դեռ ինչե՜ր։

Ո՛ր քարը որ վերցնենք, տակը հայեր կան։

Այո, ո՛ր քարը որ վերցնենք, որ քարին որ նայինք, որ քարին վրայ հիանանք, անոր տակը, առջեւը կամ ետեւը հայեր կան։

Այս երկրին արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք բոլոր շրջաններուն մէջ կը տեսնենք գեղագիտական հրաշալիօրէն գեղեցիկ շէնքեր, պոլորն ալ ճարտարապետական գլուխ գործոց, որոնց նայելով կ՛ըսենք, “Երանի թէ հոս ապրէինք”, բոլոր ասոնց տէրերը, ճարտարապետները քարակոփները, հայեր էին։ Հին Մարտինի կախարդական փողոցները, բոլորն ահայկակն գործեր են։

Տիյարպաքըրի Սուր շրջանի մէջ խաները, ջրաւազաններով բակերը, երազային շէնքերը։ Այսօր Թուրքիոյ չորս կողմը շէնքեր որոնք կը գործածուին որպէս պաշտոնատուն եւ դպրոց, բոլորն ալ հայերու կողմէ կառուցուած գեղեցկութեան նմոյշներ են։

Երգե՜ր, երաժշտութիւննե՜ր, պարե՜ր, աղանդերնե՜ր եւ ինչե՜ր։

Պայտագործներ, երաժշտագէտներ, խոհարարներ, դերձակներ, բժիշկներ, ոսկերիչներ, երկաթագործներ, կօշկակարներ, այս երկրին մէջ ինչ ասպարէզ որ կայ արուեստի, ճարտարապետութեան արհեստի, գեղագիտութեան եւ աչքի լոյսի վրայ հիմնուած, բոլորն ալ հայերուն ձեռքէն ելած են։

Մեծամասնութեամբ անոնք որ այս երկրին հարստութիւն եւ արժէք շահեցուցած են իրենց խելացի, աշխատասէր ստեղծագործ բնաւորութեամբ, հայ են, ներառեալ Միմար Սինանը։

Այո, Այս երկրին մէջ գեղեցիկ, քաղաքակիրթ եւ նուրբ ինչքար որ կայ ատոր տակ հայեր կան։

Իսկ մենք, փոխանակ անոնց շնորհակալութիւն յայտնելու, յարմար նկատեր ենք, անոնց գլուխը քարով ճզմել, այդ գլուխը երբեք դուրս չբերել քարին տակէն, կարծես երդում ըրած ենք այս ուղղութեամբ։

Ճիշդ հարիւր տարիէ ի վեր

Երբ քիւրտին բարկանանք, “Հայու լաճ”, երբ աւազակներուն ջղայնանանք, “Հայու արմատ”, երբ քաղաքակետներուն բարկանանք, “Էհ, ան արդէն հայ է” կ՛ըսենք եւ ասիկա մեր առաջին պարտականութիւնը կը նկատենք։

Այդ հայը այդ քարին տակէն երբեք դուրս պիտի չհանուի։ Մենք այդ հայը յաւերժօրէն թաղեր ենք այդ քարին տակ։

Մինչդեռ հայկական ցեղասպանութեան ընթացքինմիայն ժողովուրդ մը չէ որ կոտորուեցաւ, հսկայ հարուած մը տրուեցաւ քաղաքակրթութեան ճամբուն, արկախուեցաւ մարդկութեան յեղաշրջումը։ Սպաննուեցան արուեստի, արհեստի, ճարտարապետութեան եւ գեղագիտութեան եւ տակաւին ինչ որ կրնաք յիշել, բոլորին նրբութիւնը։

Կախաղան հանուեցան քաղաքակրթութիւնն ու նրբութիւնը։

Հիմնովին փոխուեցաւ ապրումի գնացքը։

Որովհետեւ ասիկա եղաւ ճամբու բաժանում մը, որու ընթացքին մարդկութիւնը գեղեցիկէն հրաժարեցաւ եւ բռնեց տգեղին ճամբան։

Սպանդներու իրերայաջորդութիւն մը, որ անպատիժ մնալով աւելի վերջ ճամբայ բացաւ Հիթլէրի գործադրած հրէական ցեղասպանութեան եւհրեաներու դէմ գործադրուեցան վայրագութեան եւ թշնամութեան ամենէն ծանր միջոցառումները։

Մարդկութիւնը, որ 1915-էն առաջ լաւն ու գեղեցիկը կրնար ընտրել, 1915-ին հրաժարեցաւ բոլոր արժէքաւոր հաւանականութիւններէն եւ դաշնակցութիւն կնքեց խաւարին հետ եւ այս չարութեան անէծքը, այսպիսի մեծ յանցագործութենէ մը ուղղակի կամ անուղղակի կերպով պատասխանատու եղողներու վրայ ապագայի կնիք մը իջեցուց։ Որովհետեւ ամբողջ աշխարհը ցնցող այս չարագործութեան դիմաց ոմանք ուղղակի որպէս մարդասպան, ոմանք ալ իրենց վախկոտութեան եւ անտարբերութեան պատճառաւ հանդիսատես մնացին ու կերպով մը դարձան այս մեծ սպանդին մէկ մասնիկը։

Եւ այս մութ կնիքը հայ ըլլայ կամ չըլլայ, փոխեց բոլոր մարդոց ճակատագիրը։

Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն մէկ ժոովուրդին կենսաջուրը չչորցուց այլ չորցուց ամբողջ մարդկութեան կենսաջուրը։

“Բոլորդ հայ էք, բոլորդ պիտի սպաննենք”։

Թուրք եւ քիւրտ քաղքենիութիւնը ամբողջովին բարձրացած է հայերէ թալանուած ապրանքներու վրայ։ Իւրաքանչիւր թուրք կամ քիւրտի պապերէն մէկուն կամ մէկ քանիին ձեռքերուն վրայ հայու արիւն կայ, շատեր գիտնալով կամ առանց գիտնալու նստած են հայերէ թալանուած ապրանքի մը վրայ, եւ այսօր ալ տակաւին այդ պատմական գեղեցկութիւններու տակ ցանձ փնտռողներու քանդումները կը շարունակուին, ու հակառակ այս բոլորին, ափ մը գերեզմանն անգամ շատ կը տեսնենք հայերու։

Հայերը՝ որոնք հարիւր տարի առաջ մէկ միլիոն բնակչութիւն ունէին եւ այսօր ընդամէնը 60 հազար անգամ չեն, հայերը՝ որոնք թուրքերէ ալ առաջ կ՛ապրէին այս աշխարհացութեան մէջ, չեն հաշտուիր իրենց պապենական հողերը թողուլ երթալու ցաղափարին հետ, ու, հակառակ այսքան չարութեան, կը շարունակեն ազնուօրէն ու նրբօրէն դիմադրել, եւ մերինները որեւէ անպատեհութիւն չեն տեսներ անոնց ամեն վայրկեան վախ ու տարապանք պատճառելու մէջ։ Անոնք 70 միլիոնին մէջ չեն կրնար տեղ մը բանալ 60 հազար հայու։

Եթէ մէկը գլխու նշան մը տայ, իրենց “փալա”ներուն պիտի փաթթուին դարձեալ։

“Չկրցայ յագենալ քեզի դէմ գործադրուած թալաններէն, տո՛ւր տակաւին, սա ալ տուր, նա ալ տուր, դաշնակդ տուր, գիրքդ տուր, ջութակդ տուր, կինդ տուր, զաւակդ տուր, կեանքդ տուր, բոլորն ալ տուր, բոլորն ալ իմս են”։

Յօդուածագիրը այս յախուռն յօդուածը կը վերջացնէ հայերէն սա նախադասութեամբ.

Ա՜խ ո՞ւր էիր Աստուած։





Bu haber Horizonweekly.ca kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Horizonweekly.ca) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Horizonweekly.ca). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+