Պոլսահայ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատ «Հորիզոն»ի խմբագրատուն այցելեց -
Պոլսահայ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատ «Հորիզոն»ի խմբագրատուն այցելեց
Պոլսահայ գրագէտ, լրագրող եւ հրապարակախօս Հայկօ Պաղտատ հոկտեմբեր 6ին «Հորիզոն»ի խմբագրատան մէջ հանդիպեցաւ վարիչ խմբագիրՎահագն Գարագաշեանի հետ։ Պաղտատ Մոնթրէալ ժամանած էր Պոսահայ Միութեան հրաւէրով։ Զրոյցի ընթացքին Հայկօ Պաղտատ յայտնեց, որանցեալ տարուան յուլիսեան յեղաշրջման դէպքերէն ետք Անգարայի իշխանութիւններու կողմէ ծաւալած հալածանքներուն պատճառով, Գերմանիաապաստանելու պարտադրանքին առջեւ գտնուած է։
Զրոյցի ընթացքին ան յայտնեց, որ այս հանգրուանին, Էրտողանի գործակատարներու բռնարարքներուն թիրախ կը դառնան Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններէն քիւրտերը, հայերը եւ ալեւիները։ Ըստ Պաղտատի, վերջին 100 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ իրերայաջորդ իշխանութիւններուն կողմէ ժողովուրդին մէջ սերմանուած է «Սպաննելու» գաղափարախօսութիւնը, որուն անմիջական հետեւանքն էին Հրանդ Տինքի եւ բանակին մէջ ծառայող հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնները։ Ան նաեւ հաստատեց, որ Թուրքիոյ մէջ արդարութեան վերահաստատման համար լրագրող իր գործընկերներուն հետ ինք պիտի շարունակէ պայքարը։
Նշենք, որ 2015-ին երբ Հայկօ Պաղտատ թրքական «Թարաֆ» թերթի աշխատակից էր, Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեքը «անարգել»ու պատճառաբանութեամբ՝ 1160 լիրայի (400 տոլար) տուգանքի ենթարկուեցաւ։ Դատը բացուած էր Հայկօ Պաղտատի դէմ՝ երկու տարուան բանտարկութեան պահանջով։ Հայկօ Պաղտատ Անգարայի քաղաքապետը «զզուելի» անուանած էր, որովհետեւ Անգարայի քաղաքապետը հայ անուանուիլը «վիրաւորական» նկատած էր:
Bu haber Horizonweekly.ca kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Horizonweekly.ca) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(Horizonweekly.ca). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com