Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Բողոքեն -
Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտները Կը Բողոքեն
Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի Աշակերտները կը Բողոքեն. Տիկին Ռիթա Ժամկոչեան-Պոյաճեան պէտք է մնայ վարժարանի տնօրէնուհի։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Լիբանանի իր աղբիւրներէն։
Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները կը մերժեն ենթարկուիլ Պատրիարքարանի ա՛յն որոշումին, որ վարժարանի տնօրէնուհի Ռիթա Ժամկոչեան-Պոյաճեան պէտք է լքէ իր պաշտօնը։
Թէ ի՛նչ պատճառով կայացուած է այս որոշումը, պարզ չէ։
Տիկին Պոյաճեան յայտնի է իբրեւ գործունեայ, նուիրեալ մանկավարժ եւ նորարար տնօրէնուհի։ Ան, իբրեւ այդպիսին, արժանացած է բազում գնահատականներու:
Պատահական չէ, որ պատրիարքարանի յիշեալ որոշումէն ետք, վարժարանի մեծ թիւով ծնողներ բողոքած են եւ աշակերտները մերժած են մասնակցիլ դպրոցի դասընթացքներուն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com