​Քոնկրեսի Աւելի Քան 100 Անդամ Պաշտպանած Է Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Մասին Բանաձեւի Ընդունումը - Հայերէն
29 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վարագ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

07 Ekim 2017  

​Քոնկրեսի Աւելի Քան 100 Անդամ Պաշտպանած Է Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Մասին Բանաձեւի Ընդունումը -

​Քոնկրեսի Աւելի Քան 100 Անդամ Պաշտպանած Է Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Մասին Բանաձեւի Ընդունումը ​Քոնկրեսի Աւելի Քան 100 Անդամ Պաշտպանած Է Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Մասին Բանաձեւի Ընդունումը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի աւելի քան 100 անդամ պաշտպանած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման մասին բանաձեւը: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Քոնկրեսականներու այս աշխուժութիւնը համընկնած է «Խոստում» ժապաւէնի ցուցադրութեան եւ «Մերժման ճարտարապետները» փաստագրական ժապաւէնի ապագայ շնորհահանդէսին: Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ օգտուելու Հայոց ցեղասպանութեան դասերէն` Միջին Արեւելքի մէջ ապագայ ցեղասպանութիւնները կանխելու համար:

Ցեղասպանութիւններու պատմութեան եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ աճող յարձակումներուն հանդէպ հետաքրքրութիւնը յառաջացուցած է օրէնսդիրներուն ուշադրութիւնը: Ատիկա արձանագրած է Հայ դատի գրասենեակը ամբողջ երկրին մէջ 200 օրէնսդիրներու հետ հանդիպումներու ընթացքին:

Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան քոնկրեսականներուն շնորհակալութիւն յայտնած է բանաձեւին աջակցելու համար:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+