​Թուրքիա Արցախ Չայցելելո՛ւ Կոչ Կ՛ընէ - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

05 Ekim 2017  

​Թուրքիա Արցախ Չայցելելո՛ւ Կոչ Կ՛ընէ -

​Թուրքիա Արցախ Չայցելելո՛ւ Կոչ Կ՛ընէ ​Թուրքիա Արցախ Չայցելելո՛ւ Կոչ Կ՛ընէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հոկտեմբեր 4-ին դարձեալ կոչ ըրած է երկրի քաղաքացիներուն, որ Արցախ չայցելեն. այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմենիհապեր» կայքը:

«Առանց Ատրպէյճանի իշխանութիւններու արտօնութեան՝ գրաւեալ տարածքներ այցելութիւնը ոչ միայն կը հակասէ միջազգային իրաւունքին, այլեւ կ՛առաջնորդէ շարք մը պատժամիջոցներու՝ համաձայն ատրպէյճանական օրէնքներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախարարութիւնը նաեւ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ այն քաղաքացիները, որոնք ապօրինի կերպով կ՛այցելեն Արցախ, հիւպատոսական աջակցութիւն պիտի չվայելեն։

Յիշեցնենք, որ այս գծով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր առաջին յայտարարութիւնը տարածած էր անցած Սեպտեմբեր 29-ին՝ հակադարձելով չորս թուրք գործիչներու եւ մտաւորականներու Արցախ այցելութեան եւ շեշտելով, որ անոնք այդ այցը իրականացուցած են առանց պետական մարմիններու հետ խորհրդակցելու:

Ըստ սովորութեան՝ Պաքու Արցախ այցելած թուրքերը ձերբակալելու համար դիմած էր Թուրքիոյ համապատասխան կառոյցներուն: Թուրք գործիչները, «Արեւմտահայոց ազգային համագումար» միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութեան համանախագահ Արագած Ախոյեանի նախաձեռնութեամբ՝ Սեպտեմբեր 22-ին այցելած էին Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած էին մամլոյ ասուլիսի մը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+