​Իրան Եւ Թուրքիա Քրտական Մարզի Հանրաքուէն Չեղեալ Կը Նկատեն Եւ Կը Զօրակցին Իրաքեան Կառավարութեան Քայլ - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

05 Ekim 2017  

​Իրան Եւ Թուրքիա Քրտական Մարզի Հանրաքուէն Չեղեալ Կը Նկատեն Եւ Կը Զօրակցին Իրաքեան Կառավարութեան Քայլ -

​Իրան Եւ Թուրքիա Քրտական Մարզի Հանրաքուէն Չեղեալ Կը Նկատեն Եւ Կը Զօրակցին Իրաքեան Կառավարութեան Քայլ ​Իրան Եւ Թուրքիա Քրտական Մարզի Հանրաքուէն Չեղեալ Կը Նկատեն Եւ Կը Զօրակցին Իրաքեան Կառավարութեան Քայլերուն

Իրան եւ Թուրքիա յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է յարգել Իրաքի սահմանադրութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը` յայտարարելով, որ կը մերժեն «անօրինական հանրաքուէն, որ կազմակերպած էր Իրաքի Քիւրտիստան մարզը»:

Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Հասան Ռուհանի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ Թեհրան եւ Անգարա Քրտական ինքնավար մարզի հանրաքուէն չեղեալ կը նկատեն եւ կը զօրակցին երկրին միութիւնը պահպանելու իրաքեան կառավարութեան քայլերուն:

Հաղորդագրութիւնը հրապարակուեցաւ երէկ` Էրտողանի Թեհրան կատարած այցելութեան աւարտին: Էրտողան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի հետ եւ մասնակցեցաւ երկու երկիրներու տնտեսական, առեւտրական ու ռազմավարական գործակցութեան վերաբերող ժողովներու:

Իրան¬Թուրքիա միացեալ հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց գործակցելու Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ անոր իրանեան թեւին երկու երկիրներու սահմաններուն վրայ ծաւալած «անօրինական շարժումներուն» դէմ:

Երկու նախագահները նաեւ անդրադարձան Սուրիոյ տագնապին` շեշտելով սուրիական հողերուն միութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը, եւ թէ տարակարծութիւնները «կը լուծուին միայն քաղաքականութեան ճամբով»:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ նշեց, որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը միջազգային հարցերու լուծման մէջ դիւանագիտական բնորդ մըն է, որուն պէտք է յանձնառու ըլլալ:

Նշենք, որ Էրտողանի Իրան այցելութեան նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը եռապատկելով 2018-ին 30 միլիառ տոլարի հասցնելն է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+