Թուրքիան Չ՛ողջուներ Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէն -
Թուրքիան Չ՛ողջուներ Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէն
Թուրքիան չ’ողջուներ Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէն եւ կարեւոր կը նկատէ Սպանիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը: Թրքական «Էնսոնհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Միւֆթիւօղլու:
«Մենք իբրեւ հիմ կ’ընդունինք Սպանիոյ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքն ու երկրի օրէնքներուն գործադրումը», ըսած է ան` կոչ ուղղելով խուսափելու Քաթալոնիոյ մէջ բռնութեան կիրարկումէն:
Միւֆթիւօղլու շեշտած է, որ Սպանիան եւ Թուրքիան հրաշալի յարաբերութիւններ ունին, եւ Թուրքիոյ մէջ յոյս ունին, որ բարեկամ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները շուտափոյթ լուծում ստանան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com