​Միաբանական Հաւաք` Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ - Հայերէն
26 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Նպատ / Ժամ : Ճառագայթեալ

Հայերէն :

04 Ekim 2017  

​Միաբանական Հաւաք` Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ -

​Միաբանական Հաւաք` Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ ​Միաբանական Հաւաք` Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ վանաբնակ միաբաններու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Միաբանական հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Եփրեմ արք. Թապագեան եւ Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան, եւ իրենց մտածումներն ու մաղթանքները բաժնեցին միաբան եղբայրներու հետ` ի խնդիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան առաքելութեան առաւել հզօրացման: Անոնք նաեւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ո՛չ միայն կ՛աճի եւ իր ծառայութեամբ կը կազմակերպուի, այլ նաեւ միաբանութեան գլուխը գտնուող վեհափառ հայրապետը իր լայնածաւալ գործունէութեամբ Ս. աթոռը դրած է ազգային-եկեղեցական ծառայութեան բարձունքին վրայ ու զայն դարձուցած տիրական ներկայութիւն միջեկեղեցական ու միջկրօնական դաշտին մէջ:

Հաւաքէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Ապա վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Ս. աթոռին առաքելութեան առնչուած կարեւոր իրագործումներն ու երեւոյթները եւ յառաջիկայի ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ կաթողիկոսութիւնը մէ՛կ ամբողջութիւն է իր թեմերով, նոյնպէս միաբանութիւնը` մայրավանքին թէ թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններով: Միաբաններու կեանքի ճամբան ծառայութի՛ւնն է. այդ ծառայութիւնը կրնայ ըլլալ մայրավանքին թէ թեմերուն մէջ, եւ որեւէ ժամանակ կրնայ փոխուիլ` մեկնելով հայ ժողովուրդին ծառայելու հրամայականէն:

Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց միաբանութեան հոգեմտաւոր կեանքին կենսական կարեւորութիւնը: «Հոգեւորը ըլլալով մեր կեանքին առանցքը` պէտք չէ անտեսել մտաւորական երեսը», ըսաւ Վեհափառ հայրապետը, եւ թելադրեց միաբան հայրերուն հեռու չմնալ գիրքէն ու ընթերցումէն:

Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ յաջորդ օրը միաբան հայրեր Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն կը փոխադրուին Անթիլիասի մայրավանք` վերանորոգուած կերպով վերսկսելու վանական կեանքին ու գործունէութեան: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ տնօրէն ժողովի անդամ նշանակուած են հետեւեալ միաբանները. Կոմիտաս արք. Օհանեան, Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ Նշան վրդ. Լախոյեան:

Իսկ կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ նշանակուած են.- Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեան, Շնորհք վրդ. Աշըգեան, Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, Ժիրայր Դանիէլեան եւ Արազ Գոճայեան:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ վերանորոգման հրամայականին: Ան ըսաւ, թէ ներկայ տարին հռչակած ենք «Վերանորոգման տարի»: Առանց վերանորոգումի մեր կեանքը կը լճանայ, առանց հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու վերակենսաւորման, մեր կեանքը իր ուղղութիւնը կը կորսնցնէ: Արդ, հրամայական կարիքը ունինք վերանորոգման թէ՛ իբրեւ անհատ, թէ՛ իբրեւ եկեղեցի, ազգ ու հայրենիք: Վերանորոգումը պէտք չէ մեզի համար սոսկ լոզունգ դառնայ, այլ կեանքի մնայուն ընթացք, շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+