​Սելինա Տողան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բարձրացուցած է Բանտերուն Մէջ «Ակօս»-ի Արգելքի Հարցը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

16 Eylül 2017  

​Սելինա Տողան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բարձրացուցած է Բանտերուն Մէջ «Ակօս»-ի Արգելքի Հարցը -

​Սելինա Տողան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բարձրացուցած է Բանտերուն Մէջ «Ակօս»-ի Արգելքի Հարցը ​Սելինա Տողան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բարձրացուցած է Բանտերուն Մէջ «Ակօս»-ի Արգելքի Հարցը

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ԺՀԿ) պոլսահայ պատգամաւոր Սելինա Տողան երկլեզու «Ակօս» շաբաթաթերթը կալանաւայերերու մէջ արգիլելու հարցը բարձրացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը:

Սելինա Տողան Արդարադատութեան նախարար Աբպտւլհամիթ Կիւլին ուղղուած հարցապնդում ներկայացուցած է` պահանջալով պարզաբանել ձերբակալուած իրաւապապաշտպաններուն սահմանադրական իրաւունքներու խախտումները, որոնք կը կատարուին Թուրքիոյ մէջ շարունակուող արտակարգ դրութեան պատրուակով:

Տողանը հարցապնդման մէջ հետեւեալ հարցումները ներկայացուցած է.
1. Ի՞նչ հիմնաւորումով «Ակօս» թերթը չեն տուած Սիլիվրի բանտին մէջ պատիժ կրող Օզլեմ Տալքըրանին:
2. Ո՞ր լրատուամիջոցները արգիլուած են կալանաւորներուն համար:
3. Կա՞ն գործնականօրէն կիրառուող չափորոշիչներ, որոնք կարգաւորուած չեն իրաւական սահմանափակումով, եւ որոնց մասին հասարակութիւնը տեղեակ չէ:

Յիշեցնենք, որ ԺՀԿ պատգամաւորներ Շէնալ Սարըհանն ու Ջանտան Եուջէերը այցելած էին կալանաւորուած իրաւապաշտպաններուն: Նրանք պատգամաւորներուն յայտնած էին, կալանաւորուած իրաւապաշտպանները պատգամաւորներուն յայտնած են, որ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող արտակարգ դրութեան պատրուակով կալանավայրին մէջ կ՛ոտնահարուին իրենց շարք մը իրաւունքները (տեղեկատուութիւն ստանալու, ընկերային ձեռնարկներուն մասնակցելու, փաստաբաններու հետ հանդիպելու եւ այլն):

Թուրքիոյ մէջ գործող «Հայրենակցութիւն» միութեան հիմնադիր անդամ, իրաւապաշտպան Օզլեմ Տալքըրան յայտնած է, որ կալանավայրի ղեկավարութիւնը իրեն թոյլ չի տար կարդալ «Ակօս» պարբերականը` ակնյայտօրէն խախտելով տեղեկատուութիւն ստանալու իր սահմանադրական իրաւունքը:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+