​Մեծամօր Հնավայրին Մէջ Հնագէտները Հետարքրական Գտածոներ Յայտնաբերած Են - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

13 Eylül 2017  

​Մեծամօր Հնավայրին Մէջ Հնագէտները Հետարքրական Գտածոներ Յայտնաբերած Են -

​Մեծամօր Հնավայրին Մէջ Հնագէտները Հետարքրական Գտածոներ Յայտնաբերած Են ​Մեծամօր Հնավայրին Մէջ Հնագէտները Հետարքրական Գտածոներ Յայտնաբերած Են

Մեծամօր հնավայրի տարածքին վերսկսած են հայ-լեհական արշաւախումբի պեղումները:

Հնագէտները հետաքրքրական գտածոներ յայտնաբերած են․ ք․ա. 8-6-րդ դարերու թուագրուող ապարանջաններ, դանակներ, նաեւ` մարդկային կմախքներ:

Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան (ՊՈԱԿ) հաղորդմամբ, հնավայրի բնակատեղիի ուսումնասիրութիւնը հետաքրքրական նոր փաստեր պիտի արձանագրէ, որ թոյլ կու տայ մասնագիտական աւելի ճշգիրտ եզրակացութիւններ ընել Մեծամօրի այդ ժամանակաշրջանի դերի ու նշանակութեան մասին:

Հայ-լեհական արշաւախումբի համաղեկավարները` «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի գիտնական- քարտուղար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Աշոտ Փիլիպոսեան եւ Վարշաւայի համալսարանի հնագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, դոկտոր, փրոֆէսոր Քրիսթոֆ Եագուպեակ, ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերդեանին ներկայացուցած են պեղումներու 10-օրեայ աշխատանքներուն ընթացքը, խօսած գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն մասին:

Հնագիտական արշաւախումբի համաղեկավարները յոյս յայտնած են, որ այս տարուան պեղումներէն յայտնաբերուած օրգանական նիւթերը եւս լեհական կողմի աջակցութեամբ տարրալուծական հետազօտութեան պիտի ենթարկուին արտերկրի մէջ:

ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերդեան, կարեւորելով հայ-լեհական գիտական ներուժի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, համոզուած է, որ արշաւախումբը նոր եւ արժէքաւոր բացայայտումներ պիտի ընէ, համագործակցութեան նոր եզրեր պիտի նախանշէ այլ յուշարձաններու տարածքներուն մէջ եւս աշխատելու համար:

Անոր խօսքով, արդիւնաւէտ գործակցութեան մասին կը վկայէ նաեւ միջազգային բարձր վարկանիշ ունեցող եւ Լեհաստանի մէջ տպագրուող «Միջերկրածովեան լեհ հնագիտութիւնը» ամենամեայ ժողովածուի հրատարակութեան մէջ /կը տպագրուին աշխարհի յայտնի գիտնականներու աշխատութիւնները/ տեղ գտած «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի հնագէտներու եւ արշաւախումբի լեհ անդամներու համատեղ պատրաստած գիտական յօդուածը` Մեծամօրի պեղումներուն վերաբերեալ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+