​Չաւուշօղլուն Յայտնած է, Թէ Թուրքիան Դեռ կը Փափաքի ԵՄ Անդամ Դառնալ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

06 Eylül 2017  

​Չաւուշօղլուն Յայտնած է, Թէ Թուրքիան Դեռ կը Փափաքի ԵՄ Անդամ Դառնալ -

​Չաւուշօղլուն Յայտնած է, Թէ Թուրքիան Դեռ կը Փափաքի ԵՄ Անդամ Դառնալ ​Չաւուշօղլուն Յայտնած է, Թէ Թուրքիան Դեռ կը Փափաքի ԵՄ Անդամ Դառնալ

Սլովենիա գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Թուրքիան կը փափաքի դառնալ Եւրոմիութեան (ԵՄ) անդամ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Մենք կը փափաքինք դառնալ Եւրոմիութեան անդամ, ասիկա դեռ մեր ռազմավարութիւնը եւ ընտրութիւնն է»,- Չաւուշօղլուի խօսքերը մէջբերած է թրքական «Cumhuriyet» թերթի կայքը:

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը անդրադարձած է Գերմանիոյ հետ լարուած յարաբերութիւններուն: Ան ափսոսանք յայտնած է, որ ԵՄ անդամ երկիրներու որոշ ազդեցիկ քաղաքական կուսակցութիւնները (ներառեալ Գերմանիոյ շարք մը կուսակցութիւններ) Թուրքիոյ հանդէպ միեւնոյն «խտրական եւ այլլատեաց» հռետորաբանութեան կը դիմեն:

«Գերմանիոյ ընտրութիւնները տեղի կ՝ունենան Գերմանիոյ մէջ, այլ ոչ թէ Թուրքիոյ եւ Հունգարիոյ: Աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ անոնք կեդրոնանան իրենց ներքին խնդիրներուն վրայ»,- աւելցուցած է Չաւուշօղլուն:

Նշենք, որ Սեպտեմբեր 24-ին Գերմանիոյ մէջ պիտի կայանան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Վարչապետի երկու թեկնածուները` Անկելա Մերքելը եւ Մարթին Շուլցը, քարոզչական արշաւի ծիրէն ներս մասնակցելով հեռուստաբանավէճի մը, միջազգային հանրութեան կոչ ըրած էին կոշտացնելու Թուրքիոյ հանդէպ իրենց դիրքորոշումը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+