«Թուֆենկեան» Հիմնադրամը Հերթական Բնակարանը Վերակառուցած է Վիրաւոր Զինծառայողի Համար -
«Թուֆենկեան» Հիմնադրամը Հերթական Բնակարանը Վերակառուցած է Վիրաւոր Զինծառայողի Համար
Օգոստոս 30-ին, «Թուֆենկեան» հիմնադրամի միջոցներով, Ստեփանակերտի մէջ բնակարանամուտ տօնած է 2016-ին պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին վիրաւորուած Գագիկ Պետրոսեանի ընտանիքը:
Բնակարանամուտին ներկայ եղած են «Թուֆենկեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, Արցախի գրասենեակի տնօրէն Էտիկ Գրիգորեանը եւ հիմնադրամի աջակիցները:
Արցախի գրասենեակի տնօրէն Էտիկ Գրիգորեան նշած է, որ Գագիկ Պետրոսեանը վիրաւորուած է անցեալ տարի աշնան: Տան կառուցումը սկսած էր դեռ 7 տարի առաջ: Իսկ Թուֆենկեան հիմնադրամի շինարարական աշխատանքները սկսած են ընթացիկ տարուան Յուլիս 9-ին: Գագիկի կինը՝ Նունէն, եւս կը ծառայէ ԱՀ պաշտպանութեան բանակի շարքերուն մէջ: Անոնք ունին երկու դուստր:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան ըսած է, որ «վիրաւոր զինուորներու բնակարանային ապահովման» ծրագիրը կը գործէ 2016 Ապրիլէն ետք, եւ ասիկա արդէն ութերորդ բնակարանն է, որ կը յանձնուի վիրաւոր ազատամարտիկի: Ծրագիրին ծիրին մէջ է Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղը: «Ասիկա նուազագոյնն է, որ մենք կրնանք ընել մեր զինուորներուն համար: Եթէ անոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն հայրենիքը պահելու համար, արժանապատիւ կեանքով տուն ունենալը, անոնց բնակարանով ապահովելը, մեր բարոյական պարտականութիւնն է»,- ըսած է Րաֆֆի Տուտագլեան:
«Թուֆենկեան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան, իր հերթին, նշած է, որ իրենց հիմնական աշխատանքները կ՝ըլլան այնտեղ, ուր ազատագրուած բնակչութիւն կայ` բնակարաններու կառուցում, փոքր գործարարութեան հնարաւորութիւններու ստեղծում, աշխատատեղերու բացում: Սակայն, Ապրիլէն ետք, գործարկուեցաւ նոր ծրագիր, որուն միջոցով սկսաւ վիրաւոր զինուորներու բնակարաններու վերանորոգումը:
Իսկ «Թուֆենկեան» հիմնադրամի աջակից պելճիքահայ Անտրէ Գիւմուշճեանը՝ շնորհաւորելով բնակարանամուտը՝ ըսած է, որ շատ ուրախ է անոնց երեխաներու համար, որոնք պիտի մեծնան վերանորոգուած բնակարանի մէջ:
Նշենք, որ Հիմնադրամի աջակիցները նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ գրենական պիտոյքներ նուիրած են ընտանիքի երեխաներուն:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com