​Օսմանեան Փաստաթուղթեր` Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Հայ Որբերու Իսլամացման Քաղաքականութեան Վերաբեր - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

30 Ağustos 2017  

​Օսմանեան Փաստաթուղթեր` Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Հայ Որբերու Իսլամացման Քաղաքականութեան Վերաբեր -

​Օսմանեան Փաստաթուղթեր` Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Հայ Որբերու Իսլամացման Քաղաքականութեան Վերաբեր ​Օսմանեան Փաստաթուղթեր` Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Հայ Որբերու Իսլամացման Քաղաքականութեան Վերաբերեալ

Իրողութիւն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին թրքական կառավարութիւնը նաեւ գործադրած է հայ կիներն ու երեխաները թրքացնելու եւ իսլամացնելու քաղաքականութիւն, զոր պէտք է դիտարկել Ցեղասպանութեան ծիրին մէջ ու նկատել Մեծ եղեռնի ոճրագործութեան բաղադրիչներէն մէկը, քանի որ բռնի ուժով իսլամացած հայ կիներն ու երեխաները միայն ֆիզիքապէս փրկուած են, իսկ որպէս ազգութիւն` ոչնչացուած:

Արդ, «Ակունք» կայքը հրապարակեց օսմանեան երկու փաստաթուղթեր եւ անոնց արեւմտահայերէն թարգմանութիւնները` Անգարայի մէջ գտնուող շինութեան մը մէջ հաւաքուած հայ որբերու մասին: Առաջին փաստաթուղթին մէջ ներքին գործերու նախարար Թալէաթ անյարմար կը նկատէ հայ երեխաներուն` այդ շէնքին մէջ հաւաքական կերպով մնալը եւ կը հրահանգէ, որ զանոնք ցրուեն իսլամական կազմակերպութիւններու մէջ: Իսկ երկրորդ փաստաթուղթը այդ հրահանգին պատասխանն է` Անգարայի փոխնահանգապետ Աթիֆին կողմէ, որ որոշ մանրամասնութիւններ կը հաղորդէ այդ շրջաններուն մէջ գտնուող հայ կիներուն եւ երեխաներուն թիւին մասին եւ կը յայտնէ, որ հայ մանուկները իսլամական կազմակերպութիւններու մէջ պիտի բաժնուին:

Լուրի աւարտին Արեւմտահայերու հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է սոյն փաստաթուղթերը թրքական արխիւներուն մէջ գտած, արեւմտահայերէնի թարգմանած եւ «Ակունք»-ին տրամադրած ամերիկաբնակ պոլսահայ ուսումնասիրող Գէորգ Յակոբեանին:


ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԴՈՒՌ
ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ
ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ապահովութեան Ընդհանուր
Տնօրէնութիւն
Անձնական: 67

Անգարայի Կուսակցութեան Փոխանորդութեան

(Ծածկագիր)

Պ. 12 օգոստոս 331 [25 օգոստոս 1915] Հայ տղաներուն պաշտօնական շէնքերուն մէջ գտնուիլը անյարմար է: Ուստի ասոնցմէ մնացածները իսլամական շրջանակներու մէջ բաժնեցէք:

17 օգոստոս 331 [30 օգոստոս 1915]

Նախարար

Թալէաթ
(ստորագրութիւն)



ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԴՈՒՌ
ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ
ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԾԱԾԿԱԳՐԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Ելքի Վայր: Անգարա

Ղրկուած թուական` 9 սեպտեմբեր 331 [22 սեպտեմբեր 1915]
Գրուած թուական` 9 սեպտեմբեր 331 [22 սեպտեմբեր 1915]

Պատասխան` 4 [17] սեպտեմբեր 331 [1915] թուակիր եւ 125 թուահամար ծածկագիր հեռագրի:

Կուսակալութեան կեդրոնէն մնացեալ` 733 հայ կին եւ երեխայ, տեղահանուած ու երեք խումբ ըլլալով` Էսքիշեհիրի ուղղութեամբ ճամբայ հանուած են:

Իսկ կը տեղեկացնենք, թէ Գալեճիք գտնուած` 257 եւ Քեսքինի մէջ գտնուած 1169 փոքր հայ երեխաները իսլամական կազմակերպութիւններու մէջ պիտի բաժնուին:

9 սեպտեմբեր 331 [22 սեպտեմբեր 1915]

Կուսակալի փոխանորդ

Աթըֆ

Նոթ: Գալեճիք եւ Քեսքին` Անգարայի ենթակայ գիւղաքաղաքներ

Haberin Diğer Resimleri ​Օսմանեան Փաստաթուղթեր` Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Հայ Որբերու Իսլամացման Քաղաքականութեան Վերաբեր

1 2





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+