Էրտողանի Գրասենեակ. «Անգարա Պիտի Շարունակէ Ամէն Հարցի Մէջ Աջակցիլ Պաքուին» -  
 
	
 
	Էրտողանի Գրասենեակ. «Անգարա Պիտի Շարունակէ Ամէն Հարցի Մէջ Աջակցիլ Պաքուին»
	
	 
	 
	
	Անգարա պիտի շարունակէ ամէն հարցի մէջ աջակցիլ Պաքուին եւ ամրապնդել Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները բոլոր մարզերուն մէջ: Այս մասին ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գրասենեակէն:
Թրքական կողմը անգամ մը եւս շեշտած է, թէ Ազրպէյճան իրենց «ռազմավարական գործընկերն է»:
«Ազրպէյճանն ու Թուրքիան իրարու կապուած են ո՛չ միայն ամուր քաղաքական կապերով ու պատմական արմատներով, այլ նաեւ միացեալ տնտեսական եւ ուժանիւթային նախագիծերով», նշուած է Էրտողանի գրասենեակին տարածած յայտարարութեան մէջ:
Կը հաղորդուի, որ 2017-ի առաջին 7 ամիսներուն ընթացքին Թուրքիոյ հետ Ազրպէյճանի ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները հասած են 1,45 միլիառ տոլարի:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com