​Աւանդական Խրախճանք - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

29 Ağustos 2017  

​Աւանդական Խրախճանք -

​Աւանդական Խրախճանք ​Աւանդական Խրախճանք

Վերջին տարիներուն արդէն աւանդական դարձած է քաղաքիս մէջ կազմակերպուած Վաքըֆլըգիւղի խրախճանքը՝ Ս. Աստուածածնի տաղաւարին յաջորդած շաբաթներուն։ Այս տարի եւս շարունակուեցաւ սոյն նախընթացը՝ շաբաթավերջին Գնալըի մէջ կազմակերպուած բազմակողմանի ծրագրով։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Աստուածածնի տաղաւարին օրը մեր համայնքին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ Վաքըֆլըգիւղի վրայ, ուր կը ստեղծուի մեծ խանդավառութիւն, անմիջապէս յաջորդող օրերուն Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած այս խրախճանքն ալ առիթ կ՚ընձեռէ, որպէսզի այդ խանդավառութիւնը Մուսա լերան շրջանէն տեղափոխուի Պոլիս եւ համատարած ձեւով ըմբոշխնուի մեր համայնքին կողմէ։

Վաքըֆլըգիւղի այս տարուան խրախճանքը շաբաթավերջին հերթական անգամ առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի Մուսա լերան պատմական հարուստ աւանդութիւնները վերակենդանանան Գնալը կղզիի բարձունքին՝ աղօթքով ու միասնականութեան ոգիով։ Երկու օրերու վրայ տարածուած ծրագիրը խոր տպաւորութիւն գործեց բոլոր մասնակիցներուն վրայ։ Խրախճանքը սկսաւ Շաբաթ երեկոյեան։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ աղօրհնէք, որոնց հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որու կողքին էին՝ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երէց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեան։ Այս արարողութենէն վերջ սկսաւ խրախճանքը։ Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս մէկ կողմէ օրհնուած աղով սկսաւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւնը, իսկ միւս կողմէ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։ Հարիսայի պատրաստութեան համար վառուած կրակները կարծես խորհրդանշեցին խարոյկներ, մինչ խրախճանքին մասնակիցները եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ շուրջպար բռնեցին։ Ելոյթով մը հանդէս եկաւ Միհրան Ուլիկեան։ Գարակէօզեան
Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի աշակերտներն ալ իրենց մասնակցութիւը բերին յայտագրին։ Մասնաւոր տաղաւարներու մէջ խրախճանքի այցելուներուն տրամադրութեան տակ դրուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի աւանդական արտադրանքը։ Ժողովուրդը կատարեց գնումներ եւ հասոյթը յատկացուեցաւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։ «Ոմանք» խումբի երաժշտական կատարումները առիթ հանդիսացան մեծ հրճուանքի։

Երեկոյեան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւս մասնակցեցան Վաքըֆլըգիւղի այս խրախճանքին։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար եւ իր ընկերները, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ մեր ծանօթ ազգայիններէն Միհրան Ուլիկեան, որ Պոլսոյ մէջ կը գլխաւորէ Վաքըֆլըգիւղի ի նպաստ զօրակցութեան շարժումը։

Խրախճանքը շարունակուեցաւ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։ Մինչեւ առաւօտ տեւեց նաեւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւնը։

Երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ներկայ էր Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Տեղապահ սրբազան հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարագին, որու աւարտին հարիսայի կաթսաները օրհնուեցան եւ ան բաժնուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն։ Նորին Սրբազնութեան գլխաւորութեամբ հոգեւոր հայրերն ալ ճաշեցին միասնաբար՝ համտեսելով աւանդական հարիսան։






Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+