​Սուրբ Տրդատ վանական համալիրը սեփականաշնորհուած է - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

29 Ağustos 2017  

​Սուրբ Տրդատ վանական համալիրը սեփականաշնորհուած է -

​Սուրբ Տրդատ վանական համալիրը սեփականաշնորհուած է ​Սուրբ Տրդատ վանական համալիրը սեփականաշնորհուած է

Այժ­մեան ­Թուր­քիոյ Էր­զին­ճան (պատ­մա­կան հայ­կա­կան Երզն­կա) նա­հան­գին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան ­Սուրբ Տր­դատ վա­նա­կան հա­մա­լի­րը սե­փա­կա­նաշ­նոր­հո­ւած է: Այս մա­սին, ըստ ermenihaber.amի, կը տե­ղե­կաց­նէ թրքա­կան «Dihaber.net» լրա­տո­ւա­կան կայ­քը: ­Սա­սու­նի հա­յե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ա­զիզ ­Տաղ­ճըի խօս­քով` պե­տու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը տրա­մադ­րած է 16 գիւ­ղա­ցի­նե­րու: «Այժմ ե­կե­ղե­ցի եր­թա­լու, ա­ղօ­թե­լու հա­մար ոչ թէ պե­տու­թե­նէն, այլ սե­փա­կա­նա­տէր­նե­րէն պէտք է ար­տօ­նու­թիւն ստա­նանք»,- նշած է ­Տաղ­ճըն:

էր­զին­ճա­նի ­Քա­մահ շրջա­նի ­Տո­ղան­քէօ (­Թոր­թան) գիւ­ղին մէջ գտնո­ւող վա­նա­կան հա­մա­լի­րը 2005ին «­Տո­ղան­քէո­յի ե­կե­ղե­ցի» ա­նու­նով նե­րա­ռո­ւած էր յա­տուկ պահ­պա­նո­ւող տա­րածք­նե­րու ցան­կին մէջ: Ա­ւե­լի ուշ, ­Սուրբ Տր­դա­տը գան­ձա­խոյզ­նե­րու յար­ձա­կում­նե­րուն թի­րախ դար­ձած էր: 2017ի ­Մա­յիս 23ին, վա­նա­կան հա­մա­լի­րը պաշ­տօ­նա­պէս սե­փա­կա­նու­թեան տրո­ւած էր Եու­սուֆ ­Տիւն­տար, ­Մեհ­մետ ­Տիւն­տար եւ ­Ռը­զա ­Տէ­միր­պաշ ա­նո­ւամբ ե­րեք գիւ­ղա­ցի­նե­րու: Վեր­ջին­նե­րուս մա­հէն յե­տոյ ալ, ­Սուրբ Տր­դա­տը, փաս­տօ­րէն, դար­ձած է ա­նոնց 16 ժա­ռանգ­նե­րուն միա­ցեալ սե­փա­կա­նու­թիւ­նը:

Փաս­տին վե­րա­բե­րեալ մեկ­նա­բա­նու­թիւն կա­տա­րած Ա­զիզ ­Տաղ­ճըն յի­շե­ցու­ցած է, որ ե­կե­ղե­ցին չի կրնար սե­փա­կա­նաշ­նոր­հո­ւիլ ոե­ւէ ան­հա­տի: ­Հա­մա­ձայն ե­կե­ղե­ցա­կան հիմ­նադ­րամ­նե­րու մա­սին օ­րէն­քին` ե­կե­ղե­ցին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն պէտք է պատ­կա­նի. «Ե­թէ հա­յե­րը ո­րե­ւէ միու­թիւն կամ հիմ­նադ­րամ ստեղ­ծեն, այն ժա­մա­նակ կրնան ձեռք բե­րել ե­կե­ղեց­ւոյ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը: Ե­թէ միայն մէկ հայ մնայ ու ան ալ մեռ­նի, այն ժա­մա­նակ այդ մար­դիկ կրնան սե­փա­կա­նաշ­նոր­հել ե­կե­ղե­ցին: ­Բայց, ինչ­պէս կը տես­նենք, մենք` հա­յերս, այս­տեղ ենք, իսկ ե­կե­ղե­ցին ու­րիշ­նե­րուն տրո­ւած է»:

Տաղ­ճըն ա­ւել­ցու­ցած է, որ ­Թուր­քիոյ մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը են­թա­կայ են պատ­րիար­քա­րա­նին, հե­տե­ւա­բար՝ ա­նոնք չեն կրնար սե­փա­կա­նաշ­նոր­հո­ւիլ ոե­ւէ մէ­կուն: Իսկ սե­փա­կա­նաշ­նոր­հո­ւե­լու պա­րա­գա­յին, ըստ ­Սա­սու­նի հա­յե­րու միու­թեան նա­խա­գա­հին, կը խախ­տո­ւին Եւ­րո­պա­յի ­Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու ­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րի եւ ­Լօ­զա­նի պայ­մա­նագ­րի դրոյթ­նե­րը:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+