​Ի՞նչ Պատահեցաւ 1915-ին Անգարայի Մէջ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

29 Ağustos 2017  

​Ի՞նչ Պատահեցաւ 1915-ին Անգարայի Մէջ -

​Ի՞նչ Պատահեցաւ 1915-ին Անգարայի Մէջ ​Ի՞նչ Պատահեցաւ 1915-ին Անգարայի Մէջ

Անգարացի կաթողիկէ հայու մը` Սիմոն Առաքելեանի «Անգարայի դէպքը. աքսորականի յուշերս» գիրքը կը բովանդակէ 1915-ի տարագրութիւնն ու կոտորածները վերապրած հեղինակին 122-օրեայ սարսափելի ուղեւորութեան ժամանակագրութիւնը: Գիրքը, որ առաջին անգամ հայատառ թրքերէնով հրատարակուած է 1921-ին եւ այժմ ընթերցողին կը ներկայանայ լատինատառ, ամբողջ մերկութեամբ ու ճշմարտութեամբ մէջտեղ կը դնէ Ռեժիի մէջ պաշտօնավարող Առաքելեանին ու անոր շրջապատի մարդոց հետ պատահած դէպքերը:

Ըստ Առաքելեանի պատումին, 1915-ի ամրան, մինչ կը կոտորուէին անգարացի առաքելական հայերը, կաթողիկէ հայերն ալ կը սպասէին, թէ ե՛րբ հերթը պիտի հասնի իրենց. վերջապէս անոնք ալ կը ձերբակալուին հաւաքաբար ու կը տարագրուին դէպի մահ` յարձակումներու, վատ վերաբերումի, սովի ու բնութեան վատ պայմաններու ուղեկցութեամբ:

Որպէս առաջին կայան որոշուած Տարսոնէն ետք, անոնք պիտի ուղարկուէին դէպի Տէր Զօրի անապատները, ուր ողջ մնալու հաւանականութիւն գրեթէ չկար: Առաքելեան մէկ բան կը մտածէր. ի գին ամէն ինչի փախչիլ Տէր Զօրէն: Բախտը կը ժպտի իրեն: Փրկութեան պատմութիւնը, որ կը կարդացուի մէկ շունչով, ան 1921-ին կը հրատարակէ Պոլսոյ մէջ:

Առաքելեանին յուշագրութիւնը կը բացայայտէ կաթողիկէ հայոց, որոնք, ըստ պաշտօնական պատմագրութեան, տարագրութեան ու կոտորածի ենթարկուած չեն, 1915-ի տարագրութեան պայմաններուն, գրաւեալ գոյքերուն, ինչպէս նաեւ 1917-ի Անգարայի հրդեհին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Գիրքին արժէքը այսքանով սահմանափակուած չէ սակայն. գրութիւնը ամբողջ մերկութեամբ կը պատմէ, թէ շարքային օսմանեան հայ մը այդ օրերուն ինչ կը զգար, ինչպէս կը մեկնաբանէր իրեն պատահածները, կը ներկայացնէ անոր ներքին հաշուետուութիւնը: Գրութիւնը իւրայատուկ է, որովհետեւ աղէտի ընդմէջէն ուղղակիօրէն ու առանց միջնորդի հասանելի կը դարձնէ անհատի մը պատմութիւնը: Երկը պատրաստուած է` խմբագրութեամբ Մուրատ Ճանքարայի, որ օսմաներէն բնագիրը վերածած է ժամանակակից թրքերէնի: Խմբագիրը արաբատառ օսմաներէնը տառադարձած է նաեւ լատինատառի, ինչ որ առիթ կու տայ նաեւ բնագիրով կարդալու Առաքելեանին նուրբ օսմաներէնով գրուած նախադասութիւնները:

ՍԻՄՈՆ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Շատ քիչ բան յայտնի է Սիմոն Առաքելեանի մասին, որ ծնած ու մեծցած է Անգարա: 1922-էն ետք գաղթած է Ֆրանսա, որուն քաղաքացին դարձաւ 1939-ին եւ նոյն տարին ալ մեռաւ: Ռեժիի պաշտօնեայ էր: Ամուսնացած էր եւ հայր` դուստրի մը: Մօրեղբօր անունն էր Օննիկ Գասպարեան: Մայրենին շատ հաւանաբար թրքերէնն էր: Շատ լաւ գիտէր ֆրանսերէն, օսմաներէն ու հայերէն: 1918-ին կնքուած զինադադարի համաձայնագիրէն ետք, հայերու դէմ կատարուած բռնութիւններու մասին հետաքննութեան ժամանակ ցուցմունքներ տուած է: «Էնքերէ վուքուաչ-ը իր առաջին ու միակ գործն է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+