Հայ Վարպետի Խեցեղէն Իրերը Դարձած Են Երուսաղէմի Խորհրդանիշ -
Հայ Վարպետի Խեցեղէն Իրերը Դարձած Են Երուսաղէմի Խորհրդանիշ
Հայկական խեցեգործ իրերու արտադրութեան 100ամեակին առիթով, Երուսաղէմի մէջ բացուած է խեցեգործութեան դպրոց, որ դարձած է քաղաքի մշակոյթի անբաժան մասը:
«Հայկական խեցողէն իրերու 100ամեայ արտադրութիւնը իր շուրջը կը հաւաքէ սուրբ քաղաքի բոլոր դաւանանքի մարդիկը: Երուսաղէմի հայկական համայնքի վարպետներու ձեռքով պատրաստուած յուշանուէրները մեծ համբաւ կը վայելեն կրօնական բոլոր ուղղութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ: Անոնց աշխատանքները կը զարդարեն նաեւ քաղաքի շարք մը ճանչցուած կառոյցներ, որոնց վրայ կախուած են վահանակներ եբրայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն», կը գրէ բրիտանական «Թապլեթ» թերթը:
Թերթըկը պատմէ, որ Երուսաղէմի ամէնէն շատ ճանչցուած խեցեգործ վարպետը 50ամեայ Յակոբ Գարագաշեանն է: Ան այդ արհեստը սորված է իր մեծ հօրմէն, որ փրկուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն:
«Մենք յոյս ունինք, որ քաղաքին մէջ խաղաղութիւն կը հաստատուի եւ մենք կը կարենանք խաղաղ պայմաններու մէջ աշխատիլ: Այս պահուն իմ աշակերտս՝ 15ամեայ թոռնուհիս է: Ան կը պահպանէ ընտանեկան աւանդոյթները, որ պիտի փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն: Մեր արտադրանքը դարձած է Երուսաղէմի խորհրդանիշը, որուն համար մենք շՏ ուրախ ենք», ըստ «Ռուարմինֆօ»ի՝ կը պատմէ Յակոբ Գարագաշեան:
Երուսաղէմի մէջ կ՛ապրին շուրջ 25 հազար հայեր: Մեծամասնութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդ է:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com