Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայկական Դպրոցներուն Վերաբերեալ Առաջարկ Ներկայացուց - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

27 Ağustos 2017  

Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայկական Դպրոցներուն Վերաբերեալ Առաջարկ Ներկայացուց -

Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայկական Դպրոցներուն Վերաբերեալ Առաջարկ Ներկայացուց Կարօ Փայլան Պոլսոյ Հայկական Դպրոցներուն Վերաբերեալ Առաջարկ Ներկայացուց

«Ակօս» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն վերաբերեալ առաջարկ ներկայացուց:

Խօսելով Պոլսոյ 16 հայկական վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ հարցերուն մասին՝ Փայլան առաջարկեց, որ անոնք ղեկավարուին մէկ ընդհանուր մարմինի մը, այլ ոչ թէ առանձին հիմնարկներու կողմէ:

Փայլան նկատել տուաւ, որ վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հարցերը կու գան նաեւ կառավարման ոչ ճիշդ համակարգէն:

«Այս հարցերուն մեծ մասը կը յառաջանան այն պատճառով, որ հայկական դպրոցներու ծրագիրներուն, ֆինանսաւորման եւ միւս հարցերը չեն համակարգուիր մէկ ընդհանուր մարմինի մը կողմէ: 2011էն ի վեր գործող Հայկական վարժարաններու հարցերով զբաղող յատուկ յանձնաժողովի տնօրէնը հրաժարական տուաւ այս հարցերուն պատճառով, այս հանգամանքը պէտք է սթափեցնէ մեզ», ըսաւ հայ պատգամաւորը:

Ներկայիս, Պոլսոյ մէջ կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ, որոնցմէ 13ը անձնական են:

Հայկական վարժարաններուն մէջ կրնան ուսանիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքներու զաւակները: Վարժարան ընդունուելու համար անհրաժեշտ է ներկայացնել երեխային մկրտութեան փաստաթուղթը:

Հայկական վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ հարցեր թէ՛ նիւթական եւ թէ կառավարման եւ աշակերտներու ներգրաւուածութեան հետ կապուած:

Շատ մը վարժարաններու մէջ, այս տարի առաջին դասարաններ պիտի չ՛բացուին՝ աշակերտներ չունենալու պատճառով:

Վարժարանները կը գոյատեւեն բարերարներու յատկացուցած օժանդակութիւններուն եւ վարձավճարներուն շնորհիւ:





Bu haber Asbarez kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Asbarez) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Asbarez). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+