Կազդուրման Կայանի Մէջ Կազմակերպուած Բառախաղը Ստեղծեց Մեծ Խանդավառութիւն - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

24 Ağustos 2017  

Կազդուրման Կայանի Մէջ Կազմակերպուած Բառախաղը Ստեղծեց Մեծ Խանդավառութիւն -

Կազդուրման Կայանի Մէջ Կազմակերպուած Բառախաղը Ստեղծեց Մեծ Խանդավառութիւն Կազդուրման Կայանի Մէջ Կազմակերպուած Բառախաղը Ստեղծեց Մեծ Խանդավառութիւն

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հայերէն բառախաղի մրցոյթ մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Անցեալ տարի առաջին անգամ կազմակերպուած այս ձեռնարկը արդէն երկրորդ անգամ կեանքի կոչուեցաւ։ Համայնքային տասնմէկ միջնակարգերէ խումբեր մասնակցեցան ծրագրին եւ անոնց վրայ աւելցաւ նաեւ Կազդուրման կայանի խումբը։ Իւրաքանչիւր խումբ կը բաղկանար երեք հոգիէ։ Այս տարի առաջին անգամ համայնքային հինգ լիսէներէն խումբեր ալ մասնակցեցան բառախաղին։ Անոնց վրայ ալ աւելցաւ Կազդուրման կայանի խումբը։ Ընդհանուրին մէջ 54 աշակերտ մասնակցութիւն բերաւ բառախաղին, որու իրաւարարներն էին Սարին Աքպաշ, Նարեկ Փընարպաշը, Մասիս Շելելենք, Արման Սապահ, Լինա Չավտար եւ Շիլա Սինան։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաք, ինչպէս նաեւ վաստակաւոր կրթական մշակներ՝ Սիլվա Կոմիկեան, Ժագլին Էրմէն, Մաքրուհի Պիւյիւքյակոբեան, որոնք կը վերահսկել այս ծրագիրը։ Բառախաղի կազմակերպման ուղղութեամբ մեծ եռանդ կը ներդնէ Սօնա Մենթեշէ, որ ստանձնած էր կազմակերպչական պատասխանատուութիւն։

Բառախաղի արդիւնքին միջնակարգերու դասաւորման մէջ դափնեկիր հանդիսացան՝ Պէզճեան, Մէրամէթճեան եւ Եշիլգիւղ։ Լիսէներու դասաւորման դափնեկիրները հանդիսացան՝ Էսաեան, Կեդրոնական եւ Սահակեան։

Մրցանակաբաշխման արարողութենէն վերջ եզրափակիչ խօսքով մը հանդէս եկաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց, թէ բառախաղի այս ծրագիրը կը շարունակուի։ Իր խօսքերով, այդ բառերը պէտք չէ մնան զուտ խաղի մէջ, այլ պէտք է ընդգրկուին մեր կեանքին մէջ։ «Մեր բառերը մեզի թողուած ժառանգութիւններ են, եթէ զանոնք չօգտագործենք՝ ապա կը կորսնցնենք», ըսաւ հայր սուրբը եւ աւելցուց, որ նման խաղերը պէտք է մեզի համար վերածուին պատգամի մը՝ որպէսզի օգտագործենք մեր լեզուն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 24, 2017




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+