Կարօ Փայլանը Բողոք Ներկայացուցած է «Ենի Շաֆաք»-ի Սիւնակագիրի Դէմ՝ Քրիստոնեաները «Կէաւուր» Անուանելո -
Կարօ Փայլանը Բողոք Ներկայացուցած է «Ենի Շաֆաք»-ի Սիւնակագիրի Դէմ՝ Քրիստոնեաները «Կէաւուր» Անուանելուն Համար
Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը դիմատետրի իր էջին գրած է, որ բողոք ներկայացուցած է ընդդէմ թրքական «Եէնի Շաֆաք» պարբերականի սիւնակագիր Հայրետտին Քարամանի:
«Եէնի Շաֆաք»-ի սիւնակագիր Քարամանը իր գրութեամբ վիրաւորած էր քրիստոնեաները:
«Կէաւուրը բարեկամ չի դառնար, խոզի կաշիէն ալ սփռոց չի պատրաստուիր», գրած էր սիւնակագիրը:
Քարամանը իր գրութեան մէջ նաեւ մէջբերումներ կատարած է «Գուրան»էն՝ մահմետական եւ ոչ մահմետական ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Կարօ Փայլանը Քարամանի դէմ Թուրքիոյ դատախազութիւն բողոք ներկայացուցած է՝ ժողովուրդին մէջ իրարու հանդէպ ատելութիւն սերմանելու եւ քրիստոնեաները նուաստացնելու մեղադրանքներով:
Bu haber kantsasar.com kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (kantsasar.com) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(kantsasar.com). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com