Պաքուն Մարգարիտա Սիմոնեանի Պատճառով կը Փակէ Ռուսական «Սփութնիք» Ձայնասփիւռի Կայանը -
Պաքուն Մարգարիտա Սիմոնեանի Պատճառով կը Փակէ Ռուսական «Սփութնիք» Ձայնասփիւռի Կայանը
«Սփութնիք» ռուսական ձայնասփիւռի կայանը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ:
Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Haqqin.az-ը` յղում ընելով ձայնասփիւռի կայանին աշխատակիցները:
Կայքը գրած է, որ «Սփութնիք»-ը կը հանդիսանայ յայտնի ռուս քարոզչութիւն կատարող Տմիթրի Գիսելէովի յատուկ նախագիծը: «Սփութնիք» միջազգային լրատուական գործակալութիւնը յայտարարած էր Պաքուի մէջ` novosti.az-ին կից ձայնասփիւռի հեռարձակում սկսելու մասին, Մայիսին:
Հարցը այն է, որ ձայնասփիւռի կայանի խմբագիրը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագով Մարգարիտա Սիմոնեանն է: «Ատրպէյճանի մէջ անմիջապէս արդարացիօրէն սկսած են մտահոգուիլ այդ կայանի հեռարձակումներուն բովանդակութեամբ»,- 1in.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով` ըսուած է հրապարակման մէջ:
Ատրպէյճանի հեռուստառատիոհեռարձակող ազգային խորհուրդը, ինչպէս պարզուած է, չէ տուած որեւէ ռուսական ձայնասփիւռի կայանի գործունէութեան արտօնութիւն: Խորհուրդի նախագահ Նուշիրաւան Մակերամլին հաստատած է, որ իրենք պարզապէս չէին կրնար արտօնել Ատրպէյճանի տարածքին վրայ հայուհիի կողմէ ղեկավարուող ձայնասփիւռի կայանի մը գործունէութիւնը: Անոր խօսքով` Ատրպէյճանի տարածքին վրայ կ՝իրականցուի հեռարձակում միայն ատրպէյճաներէնով, ռուսերէնով ատիկա անհնար է: «Սակայն հնարաւոր է նաեւ, որ այդ ձայնասփիւռի կայանը սկսած է համագործակցիլ տեղի կայաններէն մէկուն հետ: Սակայն բոլորը գիտեն, որ իւրաքանչիւր օտարերկրեայ ալիքի հանդէպ, յատկապէս եթէ անիկա կը գլխաւորէ ծագումով հայ խմբագիր մը, պէտք է չափազանց մեծ զգուշութիւն դրսեւորել»,- յայտարարած է Մակերամլին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com