Հալէպ Կը Թօթափէ Պատերազմի Փոշին -
Հալէպ Կը Թօթափէ Պատերազմի Փոշին
Հալէպի ազատագրման յաջորդող օրերուն, քաղաքի ամբողջ տարածքին, կեանքը օրըստօրէ իր բնականոն հունին մէջ սկսած է մտնել: Ծառայողական ոլորտի հաստատութիւնները` ճաշարաններ, սրճարաններ, պանդոկներ իրենց դռները բաց կը պահեն քաղաքացիներուն դիմաց մինչեւ ուշ գիշեր: Ուշադրութեան արժանի է Հալէպի բերդին շրջակայքը գտնուող ճաշարաններու եւ հանգստեան վայրերու, յատկապէս «Խան Հարիր» սրճարանի վերանորոգումը, եւ պետական մարմիններու յանձնառութիւնը` աստիճանաբար վերաշխուժացնելու զբօսաշրջութիւնը:
Հալէպի զբօսաշրջութեան գրասենեակի տնօրէն Պասեմ Խաթիպ ՍԱՆԱ-ին յայտնած է, որ գրասենեակը հին Հալէպի ճաշարաններն ու պանդոկները, ինչպէս նաեւ պատմական վայրերը վերանորոգելու ամբողջական ծրագիր մը գործի դրած է ու առ ի քաջալերանք` տուրքերէ եւ այլ պարտաւորութիւններէ զերծ պիտի պահէ սեփականատէրերը: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին յատկապէս վերանորոգելու «Քարլթոն», «Ռիկա փալաս» պանդոկները, «Բերիա», «Արիքէ» եւ «Տար ալ Ուարտ» հանրածանօթ ճաշարանները:
Խաթիպ ըսած է, որ երեք ամիս ետք Հալէպ պիտի վերագտնէ իր պատմական երբեմնի դիմագիծը եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու զբօսաշրջիկները:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com