Էրտողան Ձեռնունայն Վերադարձաւ Ծոցի Իր Առաքելութենէն -
Էրտողան Ձեռնունայն Վերադարձաւ Ծոցի Իր Առաքելութենէն
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ վերադարձաւ Թուրքիա` Արաբական ծոցի երկիրներ կատարած շաբաթավերջի իր երկօրեայ շրջապտոյտի աւարտին: Սակայն Քաթարի տագնապին գծով Քուէյթի միջամտութեան զօրակցող իր առաքելութեան մէջ Էրտողան ձեռնունայն վերադարձաւ, առանց գործնական յառաջդիմութիւն արձանագրելու: Արդարեւ, Սէուտական Արաբիայէն եւ Քուէյթէն ետք Էրտողան երէկ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր նաեւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի հետ: Քաթարեան լրատու աղբիւրներուն համաձայն, խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած է երկկողմանի յարաբերութեանց եւ ահաբեկչութեան դիմակալման միջոցառումներու քննարկումը:
Յիշեցնենք, որ արաբական չորս երկիրներ` Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ամիս մը առաջ խզեցին իրենց դիւանագիտական կապերը Քաթարի հետ եւ պահանջեցին փակել հոն գտնուող թրքական խարիսխը եւ «Ժազիրա» կայանը` Իրանի հետ դիւանագիտական կապերու նուազեցման պահանջի կողքին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com