​Էրտողան. «Ո՛չ Գերմանիան, Ո՛չ Ալ Ամբողջ Աշխարհը Կրնան Աղարտել Թուրքիոյ Վարկը» - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

23 Temmuz 2017  

​Էրտողան. «Ո՛չ Գերմանիան, Ո՛չ Ալ Ամբողջ Աշխարհը Կրնան Աղարտել Թուրքիոյ Վարկը» -

​Էրտողան. «Ո՛չ Գերմանիան, Ո՛չ Ալ Ամբողջ Աշխարհը Կրնան Աղարտել Թուրքիոյ Վարկը» ​Էրտողան. «Ո՛չ Գերմանիան, Ո՛չ Ալ Ամբողջ Աշխարհը Կրնան Աղարտել Թուրքիոյ Վարկը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ գերմանական ընկերութիւններու շուրջ որեւէ հետաքննութիւն գոյութիւն չունի, «եւ այդ առնչութեամբ պնդումները սուտ են»` աւելցնելով. «Բուռն կերպով կը դատապարտեմ գերմանացի պաշտօնատարներու եւ Գերմանիոյ տնտեսութեան նախարարութեան յայտարարութիւնները, որոնց նպատակը Թուրքիոյ մէջ ներդրող ընկերութիւնները անուղղակի պատգամներով վախցնելն ու անոնց մտավախութիւն պատճառելն է»:

«Թուրքիոյ մէջ գործող գերմանական ընկերութիւններուն վրայ սադրիչ գովազդներու ճամբով ճնշում բանեցնելու փորձեր գոյութիւն ունին», ըսաւ Էրտողան` նշելով. «Ինչպէս անցեալին, մենք ապագային եւս յանձնառու ենք գերմանական ընկերութիւնները պաշտպանելու»:

«Ո՛չ Գերմանիան, ո՛չ ալ ամբողջ աշխարհը կրնան աղարտել Թուրքիոյ վարկը», յայտարարեց Էրտողան` աւելցնելով. «Նախ եւ առաջ Թուրքիայէն փախուստ տուած ահաբեկիչներուն ապաստան տուող գերմանական կառավարութիւնը պէտք է այդ առնչութեամբ բացատրութիւն տայ»:

«Մենք կ՛աշխատինք արդարութիւն ու բարգաւաճում ապահովելու եւ ահաբեկչութեան կամ օտարերկրեայ շանթաժին առջեւ պիտի չընկրկինք», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ Արաբական ծոցի շրջանի տագնապը դէպի լուծում կ՛ուղղուի, «եւ կը կարծենք, թէ մօտ օրէն զայն պիտի չտեսնենք»:

«Գերմանիան Բոլորէն Լաւ Գիտէ, Թէ Թուրքիան Ոչ Մէկ
Սպառնալիքի Կամ Շանթաժի Կ՛Ենթարկուի»
Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մեղադրած է գերմանացի իր պաշտօնակից Զիկմար Կապրիէլը երկակի չափանիշներ օգտագործելու մէջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու այս մասին խօսած է թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին` անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ գերմանացի իրաւապաշտպանի մը ձերբակալութենէն ետք Պերլինի կողմէ հնչած յայտարարութիւններուն:

Կապրիէլ յայտարարած էր, որ սկզբնական փուլին Թուրքիոյ դէմ ուղղուած քայլերու պիտի ձեռնարկուին երեք տարբեր կէտերով. ոչ ոքի խորհուրդ տալ ներդրումներ կատարել երկրի մը մէջ, ուր օրէնքը երաշխաւորուած չէ, նախազգուշացնել Թուրքիա մեկնիլ պատրաստուող Գերմանիոյ քաղաքացիները, վերատեսութեան ենթարկել Թուրքիոյ ուղղուած Եւրոպական Միութեան ֆինանսական աջակցութիւնը:

«Գերմանիան բոլորէն լաւ գիտէ, որ Թուրքիա ոչ մէկ սպառնալիքի կամ շանթաժի կ՛ենթարկուի», յայտարարած է Չաւուշօղլու: Ան գերմանական կողմէն հնչող յայտարարութիւնները նկատած է նախընտրական շրջանի «ամբոխավարական» քայլեր:

Չաւուշօղլու անգամ մը եւս մեղադրած է գերմանական կողմը ահաբեկիչներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու մէջ` նշելով, որ տարբեր երկիրներու կողմէ արտաքսուող ահաբեկիչները ապաստան կը ստանան Գերմանիոյ մէջ: «Գերմանիան դարձած է այն յառաջատար երկիրը, ուր Թուրքիոյ դէմ գործող ահաբեկիչներն ու ահաբեկչական խմբաւորումները կը վերսկսին իրենց գործունէութեան», ըսած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+