​Գերմանիան Կը Կասեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բոլոր Ռազմարդիւնաբերական Ծրագիրները - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

23 Temmuz 2017  

​Գերմանիան Կը Կասեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բոլոր Ռազմարդիւնաբերական Ծրագիրները -

​Գերմանիան Կը Կասեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բոլոր Ռազմարդիւնաբերական Ծրագիրները ​Գերմանիան Կը Կասեցնէ Թուրքիոյ Հետ Բոլոր Ռազմարդիւնաբերական Ծրագիրները

Գերմանիան որոշում կայացուցած է առկախել Թուրքիոյ հետ համատեղ ռազմարդիւնաբերական նախագիծերը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմէնի հապեր»-ը՝ յղում կատարելով գերմանական «Bild» պարբերականին:

Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրաժարած է այս որոշման մասին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն կատարելէ, սակայն տեղեկատուութիւնը տարածուած է կառավարութեան մօտ կանգնած աղբիւրներէ: Կը նշուի, որ նախագիծերու սառեցման պատճառը Թուրքիոյ մէջ վեց իրաւապաշտպաններու կալանաւորումն է, որոնց մէջ է նաեւ գերմանացի Փիթըր Շթոյդթները:

Յայտնի է, որ առկախման որոշումը պիտի տարածուի ինչպէս կողմերուն միջեւ առկայ ընթացիկ նախագիծերուն, այնպէս ալ յառաջիկային սպասուող, դեռեւս չմեկնարկած ծրագիրերու վրայ:

Աղբիւրին հաւաստմամբ` Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ քաղաքացիներու կալանաւորման, ինչպէս նաեւ` գերմանական կազմակերպութիւններուն ուղղուած սպառնալիքներուն պատճառով դաշնային կառավարութիւնը կը վերանայի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները:

Յիշեցնենք, որ Յուլիս 5-ին Սթամպուլի մէջ ձերբակալուած գերմանացի իրաւապաշտպան Փետըր Շթոյդթների կալանաւորումէն ետք Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիգմար Գաբրիէլը դադրեցուցած էր արձակուրդը եւ անմիջապէս վերադարձած Պերլին:

Ան յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ ցուցաբերուող համբերութեան բաժակը արդէն լեցուած է, իսկ Թուրքիա մեկնիլ ցանկացող Գերմանիոյ քաղաքացիներուն զգուշացնող նոր կոչ ըրած էր: ԱԳ նախարարը նաեւ յորդորած էր Եւրոմիութեան` վերանայիլ Թուրքիոյ տրամադրուող նիւթական աջակցութեան հարցը, ինչպէս նաեւ` ոչ ոք երաշխաւորել Թուրքիոյ վարկեր տրամադրելու հարցով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+