Թուրքիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորները Այսուհետեւ Կրնան Տուգանուիլ Ցեղասպանութեան Մասին Խօսելու Համար -
Թուրքիոյ Խորհրդարանի Պատգամաւորները Այսուհետեւ Կրնան Տուգանուիլ Ցեղասպանութեան Մասին Խօսելու Համար
Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւորները այսուհետեւ կրնան ստիպուած ըլլալ տուգանք վճարել Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիէթ» պարբերականը:
Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան եւ «Ազգային շարժում» կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած եւ խորհրդարանին մէջ պատգամաւորներու վարքի, նիստերի կանոնակարգի ու արտաքին տեսքի հետ կապուած փոփոխութիւններու 18 կէտէ բաղկացած փաթեթին մէջ տեղ գտած է նաեւ «թուրք ժողովուրդի պատմութիւնը ու Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներու ընդհանուր անցեալը վիրաւորելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու» պարագային պատգամաւորները` նիստերէն ժամանակաւոր հեռացման ու աշխատավարձէն 12 հազար թրքական լիրայի չափով պահման մասին առաջարկը:
Թրքական պարբերականը կը շեշտէ, որ տուեալ կէտը կը թիրախաւորէ «1915-ի դէպքերու մասին խօսելու ատեն ցեղասպանութիւն եզրոյթի կիրառումը խորհրդարանին մէջ»:
Աւելի ուշ «Ազգային շարժման» անդամներու կողմէ աւելցուած է նաեւ «Քիւրտիստան» կամ «քրտական նահանգներ» ձեւակերպումները օգտագործող պատգամաւորներուն դէմ նոյն պատժամիջոցը կիրառելու առաջարկը:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական եւ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութիւնները յայտնած են, որ առաջարկներու փաթեթին պիտի չաջակցին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com