Հայկական Զարդերը Կրնան Մրցակցիլ Էմիրութիւններու Մէջ. Արաբ Գործարար -
Հայկական Զարդերը Կրնան Մրցակցիլ Էմիրութիւններու Մէջ. Արաբ Գործարար
Հայկական զարդերը կրնան մրցակցիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, բայց այնտեղ կը սիրեն աւելի բարձր յարգադրոշմի ոսկի:
Այս մասին NEWS.am–ին թղթակիցին յայտնած է Javed Sheikh Trading Co առեւտրային ընկերութեան տնօրէն Ճաւետ Շէյխը, որ ժամանած է Երեւանի ոսկերչական շուկայ` շարք մը այլ երկիրներու գնորդներու հետ միասին:
«Էմիրութիւններու մէջ գնորդները բծախնդիր են ու վարժուած են աւելի թանկարժէք զարդերու:Այստեղ հիմնականին մէջ կ’աշխատին 14 քարաթանոց ոսկիի հետ, իսկ մեր մօտ պահանջուած են աւելի բարձր յարգադրոշմի ոսկին` 21 ու 22 (որոնք մօտ են մաքուր ոսկիին- խմբ․)»,- նկատեց ան:
Իսկ զարդերը, աւելցուց ան, իրենց որակով վատ չեն, բայց պէտք է ժամանակակից սարքաւորում, որմով զարդերը նոյնիսկ վիզուալ այլ տեսք կը ստանան: Այդպէսով հայկական զարդերը կը ստանան շահեկան, ժամանակակից երանգ, աւելցուց ան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com