Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Բակը «Արձաններու Պուրակ» Բացուած է -
Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Բակը «Արձաններու Պուրակ» Բացուած է
Թուրքիոյ Էսքիշեհիր քաղաքի Սիւրիհիսար շրջանին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Երրրորդութիւն եկեղեցւոյ տարածքին մէջ շուրջ հինգ տասնեակ թուրք գործիչներու արձաններէ բաղկացած «Արձաններու պուրակ» բացուած է:
Ըստ «Էրմէնիհապեր»-ի՝ թրքական «Haberturk» թերթը կը տեղեկացնէ, որ արձանախումբի բացման մասնակցած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նապի Աւճըն:
Տեղեկացնենք, որ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղադրուած են այնպիսի հայատեաց պատմական դէմքերու արձանները, ինչպիսիք են Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը ու Քեազիմ Քարապեքիրը: Կան նաեւ մշակութային գործիչներու արձաններ` բանաստեղծ Եաշար Քեմալ, նկարիչ Ապիտին Տինօ եւ այլք:
Նախագիծը իրականացուցած է թուրք քանդակագործ Մեթին Եուրտանուրը:
Նշեալ հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1650-ին: Հրդեհէ մեծապէս վնասուած է 1876-ին: Վերակառուցուած է 1881-ին: Եկեղեցւոյ վերականգնումը սկսած է 2010-ին, երբ Սիւրիհիսարի սեփականութիւնը համարուող եկեղեցին յանձնուած է Մշակոյթի նախարարութեան:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com