Գանատայի Հայերը Կառավարութեան Կոչ Կ՛ընեն Դատապարտելու Ատրպէյճանի Նախայարձակումը -
Գանատայի Հայերը Կառավարութեան Կոչ Կ՛ընեն Դատապարտելու Ատրպէյճանի Նախայարձակումը
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ընէ դատապարտելու Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման վերջին դէպքերը եւ Ալիեւի վարչակարգի անհիմն նախայարձակումը, կը հաղորդէ Horizonweekly-ն:
Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Քրիսթիա Ֆրիլանտին յղուած նամակին մէջ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Շահէն Միրաքեան նշած է, որ Գանատայի եւ միջազգային հանրութեան միջադէպի վերաբերեալ յայտարարութեամբ հանդէս գալու անկարողութիւնը աւելի կ՛ուժեղացնէ Ալիեւի վարչակարգը եւ տարածաշրջանին մէջ յետագայ բռնութեան ու ապակայունացման համար խթան կրնայ հանդիսանալ:
Անոր խօսքով` աւելի մեծ անհանգստութեան տեղիք կու տայ այն փաստը, որ հրադադարի խախտման վերջին դէպքերը արձանագրուած են, երբ Պաքուն հրաժարած է ԵԱՀԿ մոնիթորինգային առաքելութեան թոյլ տալ առաջնագիծ այցելել: «Դիտարկումը շատ կարեւոր է վստահութիւնն ու համագործակցութիւնն ամրապնդելու համար, որոնք Ատրպէյճան մշտապէս կը ձախողէ»,-նշած է Միրաքեան:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 16-ին հակառակորդը հաստոցաւոր հակատանկային նռնականետերէ խախտած է հրադադարը Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով զոհուած են զինուորներ Արայիկ Ռուդիկի Մատինեան, Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեան եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեան:
Իսկ Յունիս 17-ի առաւօտեան ատրպէյճանական կողմը հիւսիսային ուղղութեամբ դիմած է հերթական սադրանքի, որուն հետեւանքով զոհուած է զինուոր, 1997-ի ծնունդ Նարեկ Տիգրանի Գասպարեան:
Եւս 2 զինուորներ վիրաւորուած են:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com