​Էրտողան Թուրքիոյ Ընդդիմութիւնը Մեղադրած Է Ահաբեկիչներու Հետ Համագործակցելու Ամբաստանութեամբ Եւ Ծաղր - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

22 Haziran 2017  

​Էրտողան Թուրքիոյ Ընդդիմութիւնը Մեղադրած Է Ահաբեկիչներու Հետ Համագործակցելու Ամբաստանութեամբ Եւ Ծաղր -

​Էրտողան Թուրքիոյ Ընդդիմութիւնը Մեղադրած Է Ահաբեկիչներու Հետ Համագործակցելու Ամբաստանութեամբ Եւ Ծաղր ​Էրտողան Թուրքիոյ Ընդդիմութիւնը Մեղադրած Է Ահաբեկիչներու Հետ Համագործակցելու Ամբաստանութեամբ Եւ Ծաղրած Անոնց Քայլարշաւը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բողոքի քայլարշաւ կատարող ընդդիմադիրները մեղադրած է ահաբեկիչներուն աջակցելու ամբաստանութեամբ:

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, որ Էրտողան յայտարարած է, թէ բողոքի ցոյց կատարող ընդդիմութիւնը «ձեռք-ձեռքի, թեւ-թեւի տուած» կը գործէ յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչը նկատուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի կողմնակիցներու, ինչպէս նաեւ քիւրտ զինեալներու հետ:

Թուրքիոյ նախագահը ծաղրած է ընդդիմադիրները եւ յայտարարած, որ անոնք ոչինչի պիտի հասնին:

«Դուրս եկած էք բացօթեայ քայլարշաւի՞: Փակ տարածքին մէջ տա՞ք էր», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը արդէն 7-րդ օրն ըլլալով Անգարայէն Պոլիս քայլարշաւ կը կատարէ:

Քեմալական կուսակցութիւնը այսպիսով իր բողոքը կը յայտնէ կուսակցութենէն երեսփոխան Էսին Պէրպէրօղլուի կալանաւորման առնչութեամբ: Իշխանութիւնները Պէրպէրօղլուն կը մեղադրեն պետական գաղտնիքներ բացայայտելու եւ հրապարակելու համար, եւ զինք դատապարտած են 25 տարուան բանտարկութեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+