Կենսունակութիւն -
Կենսունակութիւն
Պատրիարքարանի մօտ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ, նախագահութեամբ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը, որ երէկ երեկոյեան ժամերուն վերադարձաւ քաղաքս, այս առաւօտ արդէն Գումգաբուի մէջ նախագահեց Կրօնական ժողովի նիստին։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Կրօնական ժողովի օրակարգին վրայ էին պատրիարքական ընտրութեան եւ նախաձեռնարկ մարմնի մը ձեւաւորուելուն վերաբերեալ զանազան նիւթեր։ Սա եղաւ տեղապահի ընտրութենէն վերջ գումարուած Կրօնական ժողովի առաջին նիստը։ Արդարեւ, Մարտի 15-ին կազմակերպուած Եկեղեցականաց համագումարին յաջորդած էին իրադարձութիւններ, որոնց մթնոլորտին մէջ կարելի չէր եղած Կրօնական ժողովի նիստ գումարել։ Ուստի, այս առաւօտեան ժողովը յատկանշական էր՝ Պատրիարքարանի վարչամեքենային վերստին գործել սկսելուն տեսակէտէ։ Թերթս մամուլի յանձնելու ժամանակ կը շարունակուէր Կրօնական ժողովի նիստը, որու ընթացքին ծաւալուն քննարկումներուն եւ առնուած որոշումներուն շուրջ մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ։ Հարկ է նշել, որ այս առաւօտեան ժողովէն բացակայեցաւ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան։
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ժամանեց քաղաքս։ Նորին Սրբազնութեան օդանաւը շուրջ երկու ժամուան յապաղումով մը հասաւ Իսթանպուլի «Աթաթիւրք» օդակայանը։ Պատրիարքական տեղապահը դիմաւորուեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան նախկին ատենապետներէն Թորոս Աբիկի կողմէ։ Պատրիարքարանի ինքնաշարժով Նորին Սրբազնութիւնը առաջնորդուեցաւ Գումգաբու։ Ան միջոց մը հանգիստ առաւ Պատրիարքարանի դարաւանդին վրայ, ուր անմիջական զրոյցի մը ձեւաչափին մէջ ունեցաւ ամփոփ խորհրդակցութիւն մը ներկաներուն հետ։ Երեկոյեան, Թորոս Աբիկի նախաձեռնութեամբ, դարձեալ անմիջական եւ համեստ ընթրիքի սեղան մը սարքուեցաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին համար։ Ճաշասեղանին շուրջ ներկայ էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Թորոս Աբիկ եւ Թորոս Ալճան, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելէն Տ. Արմէն Քահանայ, որ երէկ Նորին Սրբազնութեան հետ հիւրաբար ժամանեց քաղաքս։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի այս անգամուան ժամանումը արդէն կը նշանակէ վերջնական վերադարձ մը։ Գերմանիոյ Հայոց Թեմէն ներս ան անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրած է՝ իր լիազօրութիւններն ու իրաւասութիւնները կարեւոր չափով փոխանցելով փոխանորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեանին։ Տեսանելի ապագային Նորին Սրբազնութիւնը ստիպողական բացակայութիւններ պիտի չունենայ քաղաքէս։ Ուստի, ան կը նախատեսէ ամբողջութեամբ կեդրոնանալ պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն վրայ։ Այժմու կանխատեսումներով, Յուլիս ամսուան երկրորդ կէսին Տ.
Գարեգին Արք. Պեքճեան պիտի մեկնի Հայաստան՝ Գերմանիոյ Թեմէն իր ձեռնասուն սարկաւագներէն մին քահանայ ձեռնադրելու համար։
Այս առաւօտ գումարուած Կրօնական ժողովէն վերջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը առաւօտուն Պատրիարքարանի մէջ խորհրդակցութեան հրաւիրած է խումբ մը բարերարներ եւ համայնքային գործիչներ, որոնց տեսակէտները պիտի շօշափէ համայնքային առկայ խնդիրներու լուծման հեռանկարներուն շուրջ։ Մինչ այդ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը երեկոյեան պիտի մասնակցի Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի տանտիրութեամբ նախատեսուած իֆթարի սեղանին։ Այս հաւաքոյթը Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տեսակէտէ պիտի ըլլայ այն առաջին առիթը, որով ան շփում պիտի ունենայ պետական աւագանիէն դէմքերու, բարձրաստիճան դիւանակալներու, ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու կամ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու եւ այլ շրջանակներէն ներկայացուցիչներու հետ։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ մեզի յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն այլեւս ամբողջութեամբ պիտի ներգրաւուի պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման աշխատանքներուն ու մանաւանդ կը փափաքի առանց յապաղումի կազմել նախաձեռնարկ մարմին մը։
Մինչ այդ, հաւանական է, որ յառաջիկայ արձակուրդի շրջանը Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անցընէ Պատրիարքարանի Գնալը կղզիի ամարանոցին մէջ։
Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2017
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com