Թուրքիա Ազատ Առեւտուրի Գօտի Կը Ստեղծէ Նախիջեւանի Հետ -
Թուրքիա Ազատ Առեւտուրի Գօտի Կը Ստեղծէ Նախիջեւանի Հետ
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի յայտարարած է, որ Թուրքիա ազատ առեւտուրի գօտի կը ստեղծէ Նախիջեւանի հետ:
Ըստ նախարարին, այդ հարցին առնչութեամբ արդէն ստեղծուած է անհրաժեշտ ենթակառոյցը:
«Նախիջեւանի մէջ արդէն տեղակայուած են Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները», ըսած է ան:
«Նախիջեւանի հետ առեւտուրը ոչինչով կը տարբերի թրքական քաղաքներուն հետ առեւտուրէն: Գործարքները պիտի կատարուին թրքական թղթոսկիով», նշած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարարը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com