Էրտողան Զայրացած Ու Զարմացած է -
Էրտողան Զայրացած Ու Զարմացած է
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կայացուցած որոշումը զայրացուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: «Իiմ թիկնապահներէս 12-ը կալանաւորելու մասին որոշում ընդունած են: Սա ի՞նչ օրէնք է, սա ի՞նչ իրաւունք է: Եթէ անվտանգութեան ծառայութեան այդ աշխատակիցները զիս պիտի չպաշտպանէին, ապա ինչո՞ւ ես զանոնք ինծի հետ Միացեալ Նահանգներ տարած էի: Ամերիկացի Հանսի ու Ճորճի միջոցո՞վ պէտք է ինքզինքս պաշտպանեմ»,-էրտողանի խօսքերը փոխանցած է «Անատոլու» գործակալութիւնը, գրելով, որ Էրտողան կատարուածին մէջ կը մեղադրէ ամերիկեան ոստիկանութիւնը եւ անընդունելի կը համարէ ԱՄՆ քաղաքացի երկու թուրքերը ձերբակալելը:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած էր այդ երկրին մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները սկսան լարուիլ այն ժամանակ, երբ ԱՄՆ-ի քոնկրեսը կատարուածը դատապարտող նախագիծ ընդունեց, որմէ ետք Ուաշինկթընի քաղաքապետն ու ոստիկանապետը յայտարարեցին, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմնակից խումբի 18 անդամի ձերբակալութեան հրաման տրուած է: Անոնցմէ 12-ը Էրտողանի անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներ են:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com