Տիարպեքիրի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին Քանդման Վտանգի Տակ Յայտնուած Է -
Տիարպեքիրի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին Քանդման Վտանգի Տակ Յայտնուած Է
Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Տիարպեքիրի պատմական Սուր շրջանին մէջ քանդման վտանգի տակ յայտնուած է նաեւ հայկական Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, կը յայտնէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով թրքական gazetekarinca.com կայքը:
Գանձագողերու կողմէ աւերակներու վերածուած եկեղեցւոյ պատերը կը ցանկան հողին հաւասարեցնել քաղաքաշինութեան նոր ծրագրի ծիրէն ներս:
Կ՛ենթադրուի, որ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կառուցուած է 16-րդ դարուն, անիկա պատկանած է Տիարպեքիրի կաթոլիկ հայ համայնքին:
Ցեղասպանութենէն ետք տեղի քիւրտ աղաներու կողմէն եկեղեցւոյ շէնքը յաճախ օգտագործուած է իբրեւ խոտի պահեստ կամ անասնագոմ, վերջին տարիներուն ալ տեղական իշխանութիւններու անտարբերութեան հետեւանքով անիկա բազմիցս ենթարկուած է գանձագողերու յարձակումներուն, որոնք հայերէն մնացած ոսկիները գտնելու յոյսով բազմաթիւ պեղումներ կատարած են այստեղ ու զգալի վնաս հասցուցած շէնքին:
Յիշեցնենք, որ Սուրի մէջ արդէն երկրորդ շաբաթն է` ամբողջութեամբ կը քանդուին թուրք-քրտական բախումներէն ետք պետականացուած կառոյցները: Յայտնի է, որ այս յատուկ գործողութեան ընթացքին պիտի քանդուի ընդհանուր 850 կառոյց:
2016-ին պետականացուած գոյքի ցուցակին մէջ յայտնուած էր նաեւ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որ, սակայն, աւելի ուշ կարելի եղաւ վերադարձնել մշակութային հիմնադրամին, որուն կը պատկանէր եկեղեցին մինչեւ բռնի պետականացումը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com