Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի. Իսլամական Աշխարհին Մէջ Բոլոր Յեղաշրջումներու Գլխաւոր Կազմակերպիչը Արաբական Միացեա -
Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի. Իսլամական Աշխարհին Մէջ Բոլոր Յեղաշրջումներու Գլխաւոր Կազմակերպիչը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն
Թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը շրջանային եւ միջազգային հարցերուն մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դերակատարութեան մասին գրելով կը նշէ, որ այդ երկիրը «իսլամական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող բոլոր յեղաշրջումներուն ու կասկածելի շարժումներուն գլխաւոր կազմակերպիչն է»:
«Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամները, որոնք Քաթարի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու բանաձեւը խմբագրեցին, Իսրայէլէն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն մէկ միլիոն տոլարի նուիրատուութիւններ ստացան», կը գրէ օրաթերթը` նշելով. «Եգիպտական ու իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեանց պատրաստած ցուցակին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Սէուտական Արաբիան մղեցին գործադրելու, թիրախը շրջանին մէջ նախապէս Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած ուժերու հաւասարակշռութիւնն է»:
Ըստ «Ենի Շաֆաք»-ի, «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը ջանան քանդել այդ հաւասարակշռութիւնը»: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, (Քաթարի) պետական լրատու գործակալութիւն ներթափանցելով, Քաթարի վերագրուած Իրանի զօրակցող խօսքեր հրապարակեցին», կը նշէ թերթը:
Թրքական օրաթերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանին ե-նամակի անձնական հասցէի ներթափանցումէն ու պարունակութեան հրապարակումէն ետք ի յայտ եկած է, որ իսրայէլամէտ քաղաքացիական կազմակերպութիւններէն Ժողովրդավարութիւններու պաշտպանութեան միութեան անդամ Մարք Տուպովիցի եւ Ճոն Հանայի հետ ե-նամակին մէջ յայտնած է, որ այդ միութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անունները նշուած են Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձին մեղսակիցներուն շարքին եւ հպարտութիւն յայտնած, որ իր անունը նշուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողքին:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com