«Սայաթ Նովա» Փառատօնը Կը միաւորէ Հայ Եւ Վրացի Երաժիշտները -
«Սայաթ Նովա» Փառատօնը Կը միաւորէ Հայ Եւ Վրացի Երաժիշտները
Բանաստեղծ, աշուղ Սայաթ Նովայի անունը կրող «Սայաթ Նովա» փառատօնը այս տարի պիտի մեկնարկէ Յունիս 16-ին Թիֆլիսի մէջ եւ պիտի եզրափակուի Յունիս 18-ին Երեւանի մէջ:
Փառատօնին մասին մանրամասնութիւնններ յայտնեցին կազմակերպիչները:
«Նպատակը հայկական երաժշտարուեստը, մեր հարուստ ժառանգութիւնը հանրութեան ներկայացնելն ու զայն պահպանելն է: Փառատօնի բացումը տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, եւ անիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ աշխուժացնելու եկեղեցւոյ առօրեան»,- նշած է «Music of Armenia»-ի ներկայացուցիչ Յասմիկ Մովսիսեան:
Անոր խօսքով` իրենք հայկական տարբեր երաժշտական խումբերէ ընտրած են երաժիշտներ, որոնք Վրաստանի մէջ տեղացի քանի մը երաժիշտներու հետ համատեղ պիտի ներկայացնեն ինչպէս Սայաթ Նովայի, այնպէս ալ` այլ հայ աշուղներու ստեղծագործութիւններ:
«Կը փորձենք բանակցիլ նաեւ Վրաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ, որպէսզի յետագային փառատօնը իրականացուի նաեւ Ջաւախքի եւ Վրաստանի այլ քաղաքներու մէջ»,-շեշտած է ան:
Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Նինօ Ապտիաուռի ընդգծած է, որ իրեն համար շատ ուրախալի է, որ կայ նման փառատօն, որ անիկա կը կրէ մեծ աշուղին, բանաստեղծին անունը: Ըստ անոր` Սայաթ Նովան հայ-վրացական միասնութեան խորհրդանիշն է եւ միջոցառումը կրնայ աւելի սերտացնել երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները:
Փառատօնին պիտի մասնակցին հայ եւ վրացի երաժիշտներ: Երեւանի մէջ Յունիս 17-ին «Մետաքսի ճանապարհ» հիւրանոցին մէջ ելոյթ պիտի ունենայ «Ջնար» անսապլը, Յունիս 18-ին «Մէգերեան Կարպետ»-ի մէջ համերգային ծրագիրով հանդէս պիտի գայ «Սայաթ-Նովա անսամպլը:
Փառատօնը կ՛իրականացուի երկրորդ անգամ Music of Armenia-ի նախաձեռնութեամբ:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com