Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

06 Haziran 2017  

Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան -

Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան

Կը տեղեկանանք, որ Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան վերջին օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Իսթանպուլ, ուրկէ ալ մեկնած է Երեւան։

Շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ ընդամէնը շուրջ մէկուկէս օր մնացած է Իսթանպուլի մէջ։ Այդ ընթացքին ան տեսակցած է Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հետ, որ Վատիկանի կողմէ ընդհանուր կառավարիչ նշանակուած է Մխիթարեան միաբանութեան համար։ Պատասխանելով Զէքիեան Գերապայծառի հետ ծաւալած քննարկումներու բովանդակութեան վերաբերեալ մեր հարցման՝ Հայր Եղիա Ծ. Վարդապետ Քիլաղպեան նշեց, որ ընդհանուր առմամբ շօշափած են Մխիթարեան միաբանութեան շարք մը ներքին հարցերը։

Հայր Եղիա Ծ. Վարդապետ Քիլաղպեանին հարց տուինք, թէ չէ՞ այցելած Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունը կամ որեւէ ձեւով չէ՞ հանդիպած Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի կամ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի հետ։ Ի պատասխան ան յայտնեց, թէ իր կեցութիւնը այնքան կարճ էր, որ ժամանակը բաւարար չէ եղած այլ որեւէ շփման համար, ուստի ինք միայն տեսակցած է Զէքիեան Գերապայծառին հետ։Երկուշաբթի, Յունիս 5, 201




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+