Ստեփանակերտի Մէջ կը Շարունակուի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարին Կառուցումը -
Ստեփանակերտի Մէջ կը Շարունակուի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարին Կառուցումը
2006 թուականին Ստեփանակերտի մէջ սկսած է Աստուածամօր սուրբ Հովանի Մայր տաճարին կառուցումը:
Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` նիւթական միջոցներու սղութեան պատճառով շինարարութիւնը սկզբնական փուլին դանդաղ ընթացած է: Գլխաւոր տաճարին կառուցումը շարունակելու համար՝ ձեռք մեկնած են տարբեր բարերարներ ու անհատ մարդիկ:
Բազմանկիւն եռայարկ եկեղեցւոյ բարձրութիւնը աւելի քան 40 մեթր է, խաչինը` 3, իսկ զանգակատունը` 24 մեթր: Տաճարը ունի 6 սիւն, որոնք միմեանց հետ կապուած են կամարներով:
30 մեթր տրամագիծով եւ 6 մեթր բարձրութեամբ ինքնատիպ կամարներով նկուղային սրահը պիտի ծառայէ եկեղեցական տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպելու համար: Տաճարը պիտի ունենայ երեք մուտք: Նիւթական խնդիրներ չառաջանալու պարագային՝ կը նախատեսուի կառուցումը աւարտել այս տարուան վերջը:
Այս պահուն կապալառու կազմակերպութիւնը պիտի կառուցէ գմբէթը: Աշխատանքները աւարտելէ յետոյ՝ կը նախատեսուի յարակից տարածքի բարեկարգում:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com