Ճարտարագիտական Համալսարանին Մէջ Բացուեցաւ Գերազանցութեան Կեդրոն -
Ճարտարագիտական Համալսարանին Մէջ Բացուեցաւ Գերազանցութեան Կեդրոն
Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանին մէջ այսօր Գերազանցութեան կեդրոն բացուած է:
Կեդրոնը ստեղծուած է ֆրանսական «Schneider Electric» ընկերութեան եւ ռուսական «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի համատեղ ջանքերով եւ կը բացուի «Տաշիր»-ի կազմին մէջ ընդգրկուած «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան ու ֆրանսական կազմակերպութեան միջեւ Փարիզի մէջ համագործակցութեան յուշագրի ստորագրումէն երեք ամիս անց, որ տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահին` այս տարուան Մարտ 8-ին Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս:
Գերազանցութեան կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած է նախագահ Սերժ Սարգսեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի նախագահ Սամուէլ Կարապետեան, ԱՊՀ երկիրներու մէջ «Schneider Electric» ընկերութեան նախագահ Եոհան Վանտերպլայետսի, «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Կարէն Դարբինեան, պաշտօնատար այլ անձիք։ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-ֆրանսուա Շարփանթիէի ուղեկցութեամբ նախագահը շրջայց կատարած է նորաբաց կեդրոնին մէջ, ծանօթացած իրականացուած աշխատանքներուն, ստեղծուած պայմաններուն, ժամանակակից բարձր արհետսագիտութեամբ յագեցած սարքաւորումներով կեդրոնի հնարաւորութիւններուն:
Անիկա կառուցուած է Ճարտարագիտական համալսարանի հիմքի վրայ եւ «Schneider Electric»-ի ու ազգային գիտական համայնքի սերտ համագործակցութեան առաջին փորձերէն մէկը պիտի դառնայ, ըսուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Պատասխանատուներու հաւաստմամբ` տասնեակ ուսանողներ ու երիտասարդ գիտնականներ հնարաւորութիւն պիտի ունենան հմտութիւններ զարգացնելու եւ ծանօթանալու ուժանիւթի ու ինքնաշխատացման ոլորտին մէջ ժամանակակից արհեստագիտութեան: Նորաբաց կեդրոնը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ ելեկտրամատակարարման ոլորտի կայացած աշխատակիցներու համար:
Կեդրոնի բացման ծիրէն ներս տեղի ունեցած է նաեւ «Schneider Electric» ընկերութեան, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի, Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանի եւ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան ներկայացուցիչներու միջեւ քառակողմ համաձայնագրի ստորագրման արարողութիւնը:
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com